
«ԺԱՄԱՆԱԿ».– Վրաստանի խոր-հրդարանի Մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնաժողովը տարբեր մեղադրանքներով ձերբակալուած 180 հոգի նկատած է քաղաքական բանտարկեալ, իսկ 22 ուրիշներ՝ քաղաքական վտարանդի:
Ըստ «Ժամանակ»ի հաւաստի տեղեկութիւններուն, քաղաքական բանտարկեալ ճանչուածներու ցանկին մէջ է Աճարիոյ հայ համայնքի նախկին ղեկավար Արմէն Գէորգեանը, որ Սահակշվիլիի վարչակարգին կողմէ դատապարտուած էր Ռուսիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքով. սակայն խորքին մէջ անոր դէմ քրէական հետապնդումը սկսաւ Սահակաշվիլիի վարչակարգին ընթացքին տապալած Աճարիոյ նախկին նախագահ Ասլան Ապաշիձէյին հաւատարիմ մնալու համար: Աճարիոյ հայ համայնքի մէկ այլ ներկայացուցիչ ալ կայ քաղաքական բանտարկեալներու շարքին: Արմէն Գէորգեան իր գործունէութեամբ բաւական դրական դերակատարութիւն ունեցած է Աճարիոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Քաղաքական հալածեալ նկատուած է նաեւ Վրաստանի նախկին պատգամաւոր Մելիք Ռաիսեանը, որուն դէմ քրէական հետապնդում սկսաւ՝ «Վրացական երազանք» քաղաքական համախմբումի կողմը անցնելուն համար: Ներկայ դրութեամբ հետապնդուող գործիչը կը մեղադրուի խարդախութիւն կատարելու յանցանքով ու հեռակայ դրութեամբ դատապարտուած է 6 տարուան բանտարկութեան: Խորքին մէջ Մելիք Ռաիսեանի դէմ քրէական գործ յարուցելու հիմնական նպատակը æաւախքի մէջ ամէնէն հեղինակաւոր գործիչներէն մէկուն գործունէութիւնը արգիլելն էր: Աւելի ուշ ձերբակալուեցաւ նաեւ æաւախքի գործիչ, Ռաիսեանի մտերիմներէն Մխչեանը: Անոնց դէմ քրէական գործերը պիտի փակուին, պատիժ կրողները ազատ պիտի արձակուին:
«Ժամանակ»ի տեղեկութիւններով, քաղաքական բանտարկեալ ճանչցուած է նաեւ ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ, «Միասնական æաւախք» ժողովրդավարական դաշինք քաղաքական շարժման առաջնորդ Վահագն Չախալեանը, որ շինծու մեղադրանքներով 2009ի Ապրիլ 7ին 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է վրացական դատարանին կողմէ՝ ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար տարած իր քաղաքական գործունէութեան համար: