
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի միջազգային համադաշնութեան (ՖԻՏԷի) նախագահ Քիրսան Իլիւմժինովը «itogi.ru»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճատրակի հանդիպումներ կազմակերպել։
«Ներկայացուցած եմ նաեւ արաբական-իսլայէլեան սահմանին վրայ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող առաջարկ մը: Հոն կը նախատեսուի տեղադրել հազար ճատրակի խաղատախտակ, որոնց առջեւ պիտի նստին երեխաները: Պաղեստինի իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ քննարկած եմ այդ գաղափարը, որուն ան ամբողջովին կողմ է։ Իսրայէլեան ղեկավարութիւնը եւս, ըստ երեւոյթին, դէմ չէ: Կը մնայ գաղափարը իրականութիւն դարձնել: Նոյն գաղափարը տեղին պիտի ըլլար իրականացնել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր կրնան ճատրակ խաղալ հայ եւ ատրպէյճանցի երեխաները», նշած է ան։
ՖԻՏԷի նախագահը ընդգծած է, որ ճատրակը նաեւ խաղասիրական առաքելութեան կրնայ ծառայել: