ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 23 Նոյեմբերի առաւօտեան, Սալմաստի նախկին հայաշատ գիւղերէն Ղալասարի Ս. Սարգիս եկեղեցին այցելեց Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ փոքրաթիւ խումբով ուխտաւորներու, գլխաւորութեամբ Սալմաստի պատգամաւոր Ռուբէն Տէր Պօղոսեանի:
Մեծ վիպասան Րաֆֆիի ծննդավայր Փայաջուկի հարեւանութեամբ, 1 քլմ. դէպի Արեւելք, Սալմաստէն 5 քմ. հիւսիս, կը գտնուի Ղալասար գիւղը նախապէս հայ վաճառականներով բնակուած, որոնց քանդակազարդ տապանաքարերը կը գտնուին 1723 թուականին կառուցուած եւ 1806ին վերանորոգուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Ամբողջութեամբ քարաշէն թաղածածկ եւ կամարակապ եկեղեցին խոնարհած է այժմ, որուն կիսակործան կամարներուն ներքեւ կատարուեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւնը: 1898ի մարդահամարով կազմուած ցուցակին համաձայն, գիւղը ունէր 30 տուն հայ բնակչութիւն, մինչ նոյն թուականներուն կողքի Փայաջուկը՝ 230 տուն հայ: Այժմ Ղալասարը ոչ իսկ մէկ հատ հայ բնակիչ ունի, իսկ հարեւան Փայաջուկը՝ միայն մէկ տուն հայ:
Ղալասարէն թեմակալ առաջնորդը ուղղուեցաւ նախկին հայաբնակ Ախտախանա գիւղը, շուրջ երկու քլմ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք Ղալասարէն: Ներկայիս այնտեղ ապրող քիւրտ բնակչութեան համար սոյն այցելութիւնը յարգանքի առիթի վերածուեցաւ նախկին հայ բնակչութեան նկատմամբ, որոնց հետքերու փնտռտուքը կատարելու եկած էին հայ ուխտաւորներ: Այս առիթով, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան գիւղապետին եւ տեղացի ընտանիքներու կողմէ:
Գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն: Եռագմբէթ թաղածածկ եկեղեցւոյ մուտքի դրան ճակատին, սեւ պազալդի վրայ քանդակուած երկու փողաւոր հրեշտակներուն միջեւ գտնուող արձանագրութիւնը կը կրէ 1891 թուականը, որ պէտք է անոր վերանորոգման տարին ըլլայ: Որովհետեւ եկեղեցին նախապէս անտաշ քարերէ բարձրացած կառոյց եղած է, ինչպէս ցոյց կու տան եկեղեցւոյ արտաքին պատերը, եւ ապա հողածածկ տանիքը քակելով, աղիւսներով հիւսուած թաղածածկ եւ գմբէթաւոր կառոյցի վերածած են զայն: Երեք գմբէթներն ալ կանգնած են կեդրոնական չորս հաստաբուն սիւներուն վրայ: Փայտեայ պատուհաններէն միայն մէկը մնացած է, որ խղճամիտ ատաղձագործի աշխատանք է, փոքր եւ նեղ քառակուսիներու բացուածքներուն մէջ ապակիներ տեղադրելու ձեւով պատրաստուած: Եկեղեցւոյ մեծութիւնը ենթադրել կու տայ, թէ բաւական թիւով հայ բնակչութիւն ունեցած է գիւղը, որու հին հայկական բնակարանները եւ ընդարձակ գերեզմանատունը ցոյց կու տային ներկայի գիւղացիները:
Վերոյիշեալ երկու եկեղեցիներու պատերն ալ գանձախոյզներու աւերիչ ձեռքերուն պատճառով թուլցեր են, սիւներուն տակը փորուած ըլլալուն հետեւանքով: Նոյն նպատակով նաեւ իրենց տեղերէն շարժած են յատկապէս Ղալասարի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող թանկագին տապանաքարերը, որոնք բոլորն ալ նրբարուեստ քանդակներով փորագրուած են, եւ ունին ընթեռնելի արձանագրութիւններ, ազգագրական արժէքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
I didn’t know that there were any traces of Armenian churches in those regions. I am glad that a religious service was conducted there.