ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ Լոս Անճելըս շրջանի թեմի հոգեւորականներու եւ յարանուանութեանց հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ աշխարհի խաղաղութեան համար միջեկեղեցական արարողութիւն:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերը պիտի ըլլայ վերապատուելի Ճոզէֆ Մաթոսեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն): Սոյն արարողութիւնը պիտի ձօնուի Մայր տաճարի գլխաւոր բարերար՝ հանգուցեալ Լեւոն Պարոնեանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.