Քանի (Գալվատոս նահանգ) պատժական դատարանը, անցեալ շաբաթ արձակած է իր վճիռը, «Լը Փուեն» շաբաթաթերթին դէմ Հերուվիլ-Սեն-Գլերի՝ ծագումով թուրք փոխքաղաքապետուհի Ֆաթիմէ Էրթուղրուլ-Թասթանի ներկայացուցած բողոքին մասին, որ կը վերաբերէր անուանարկութեան: Դատարանը մերժած է այդ բողոքը: Հարցը կը վերաբերի Պատժելիութեան օրէնքին դէմ, այս տարուան Յունուար 21ին Փարիզի մէջ Թուրքերու կազմակերպած ցոյցին առթիւ նշեալ շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած գրութեան մը: Հոն խօսքը կ՛ըլլար ֆրանսական գաղտնի գործակալութեան՝ DCRI-ի, տեղեկագիրի մը, որ կը վերաբերէր թուրք ազգայնամոլ հոսանքներու, գորշ գայլերու եւլն., եւ ուր կ՛ըսուէր նաեւ թէ Ֆաթիմէ էրթուղրուլ-Թասթան ալ մաս կը կազմէ անոնց:
Դատավարութեան նիստին՝ Սեպտեմբեր 18ին, Ֆ. Էրթուղրուլ-Թասթանի փաստաբանը ըսած էր, թէ DCRI-ի նշեալ փաստաթուղթը կեղծ է, ան կապեր կ՛արծարծէ ծայրայեղ աջին հետ եւ այդ պնդումները վնաս կը պատճառեն իր պաշտպանեալին անձին ու պատիւին, որ ունի ընտրական պատասխանատուութիւններ: «Լը Փուեն»ի փաստաբանն ալ իր պաշտպանողականին մէջ ըսած էր, թէ ենթական մասնակցած է նշեալ ցոյցին, լուսանկարներու մէջ կարելի է զայն տեսնել գորշ գայլերու խորհրդանշական յատուկ շարժումը ընելու պահուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.