ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան՝ զոհերուն թիւը բարձրացնելով 11ի: Զոհերուն մէկ մասը սպաննուած է արձակազէններու կողմէ: Արձանագրուած են տասնեակներով վիրաւորներ: Բախումները Չորեքշաբթի յետմիջօրէին սաստկացած էին, սակայն լիբանանեան բանակի ջանքերով, Չորեքշաբթի գիշեր կարելի եղած է կարճատեւ զինադուլ մը պարտադրել: Բանակը քանի մը առիթներով հակադարձեց կրակող կողմերուն, մինչ քաղաքական ուժեր ջանքերու դիմեցին՝ զսպելու համար Թրիփոլիի կացութիւնը: Բանակը նաեւ ձերբակալեց կասկածելիներ, գրաւելով գնդացիրներ եւ զինամթերք:
Բանակը նշեց նաեւ, որ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են երկու զինուորներ, ինչպէս նաեւ վնասուած են բանակին պատկանող զրահապատներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.