
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի բանակը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին հրասայլերով եւ զրահապատ փոխադրակառքերով միջամտեց՝ զսպելու համար Չորեքշաբթի օր սկսած եւ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին շարունակուած բախումները՝ նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի ընդդիմադիրներուն եւ անոր համակիրներուն միջեւ, որոնք սկսան, երբ Մուրսիի համակիր իսլամականներ յարձակեցան նախագահական պալատին առջեւ նստացոյց կատարող ընդդիմադիրներուն վրայ:
Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ առնուազն 7 հոգի եւ վիրաւորուեցան 770 ուրիշներ:
Եգիպտոսի նախագահական պահակագունդի հրամանատարը յայտարարեց, թէ պալատին առջեւ բանակային ուժերու տեղակայման նպատակը Մուրսիի համակիրներն ու ընդդիմադիրները իրարմէ անջատելն է՝ վստահեցնելով, որ բանակը «ցուցարարները ճնշելու գործիք պիտի չըլլայ»:
Մուրսիի համակիր Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւի՝ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահը՝ նախագահ Մուրսիի խորհրդական Ռաֆիք Հապիպ, Հինգշաբթի օր հրաժարեցաւ այս պաշտօններէն, իբրեւ բողոք նախագահական պալատին առջեւ տեղի ունեցած բախումներուն դէմ: Այս որոշումով, նախագահի լիազօրութիւնները ընդարձակելու Մուրսիի որոշումէն եւ անոր դէմ յառաջացած բողոքի ալիքէն ետք իրենց պաշտօնէն հրաժարած նախագահական խորհրդականներուն թիւը բարձրացաւ վեցի:
Եգիպտոսի փոխնախագահ Մահմուտ Մեքքի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ վիճելի նկատուող սահմանադրական նախագիծին շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին՝ Դեկտեմբեր 15ին, հակառակ հետզհետէ աճող բողոքի ցոյցերուն: