ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անզգամը իր սիրտին մէջ ըսաւ թէ Աստուած չկայ (Սղ 14.1): Աստուածաշունչի մարդկային փորձառութեամբ հարուստ գիրքերէն՝ Սաղմոսագիրքին մէջ արձանագրուած է այս տողը, որ ամէն Կիրակի «Կանոնագլուխ» կոչուող սաղմոսերգութեան ընթացքին կը կատարուի Հայ եկեղեցիներէն ներս, Գիշերային Ժամերգութեան ատեն:
Աստուծոյ գոյութեան սպառնացող ո՛չ մէկ քայլ կրնայ առնել անաստուածը, բայց միայն արհամարհել Արարիչը, փորձելով ժխտել ո՛չ միայն Անոր գոյութիւնը, այլ կատարած արարչագործութիւնը: Կարելի չէ՛ նաեւ ըսել, թէ կրնայ անտեսել զԱստուած, որովհետեւ չ՛անցնիր մէկ վայրկեան իսկ, որ ան դադրի մտածելէ Անոր մասին: Ատիկա ըլլայ Անոր գոյութեան հակափաստը ներկայացնելու համար, ըլլայ՝ խուսափելու համար իր անձին վրայ զգացած Անոր ազդեցութենէն: Մէկ խօսքով, անաստուած մարդ կարելի չէ՛ գտնել այս մոլորակին վրայ: Բոլորն ալ, այս կամ այն ձեւով, այս կամ այն չափով՝ Աստուծոյ մասին կը մտածեն, մէկը դրական, միւսը՝ ժխտական:
Բայց պէտք է հարց տալ, թէ անաստուածը ինչո՞ւ չի՛ յաջողիր գտնել զԱստուած: Պատասխանն ալ հարցումին չափ դիւրին է. նոյն այն պատճառաւ, որ գողը չի՛ հանդիպիր ոստիկանին: Որովհետեւ մնայուն կերպով անկէ հեռանալու, անոր ներկայութենէն դուրս մնալու՝ փախուստի դիմելու իրավիճակին մէջ կը գտնուի: Անաստուածը ինքնահալած անձն է: Անոր այնպէս կը թուի, թէ իր անհաւատութեամբ զԱստուած կը հալածէ, մինչդեռ ան ինք իր ա՛նձն է որ հալածական կը դարձնէ, եւ Աստուծոյ ներկայութենէն պահուըտելու նոր թաքստոցներ կ՛որոնէ:
Եթէ կ՛ուզես լաւ ու տեղին հարցում ուղղել անաստուած մարդուն, փառաւոր ճաշ հիւրասիրելէ ետք անոր, հարց տուր թէ խոհարարի գոյութեան կը հաւատա՞յ արդեօք: Ինքնարդարացման ամէն փորձ ձախող դուրս պիտի գայ, որովհետեւ խոհարարին գոյութեան մասին պիտի պատմեն իրեն, համեղաճաշակ պատառները ըմբոշխնած իր քիմքը, եւ ամբարածը մարսելու հաճոյքը ապրող իր լեցուն ստամոքսը: Քիմքին եւ ստամոքսին հարազատութիւնը պիտի չթողու իրեն, ժխտական որեւէ արտայայտութիւն ունենալ այն մասին, թէ ճաշարանի քուլիսներու ետին՝ խոհանոցին մէջ կայ մէկը, որ այդ պահուան վայելքը պարգեւեց իրեն: Իսկ համայն աշխարհի մէջ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին վայելած բարիքներուդ հեղինակը ինչո՞ւ կ՛ուրանաս: Որովհետեւ «ներս երթալով» չե՞ս հանդիպիր անոր: Սակայն եթէ հոգիիդ «խոհանոց»ը մտնես, հոն ամէն ինչ կը յստականայ քեզի համար:
Անհեթեթութիւն է անաստուածութիւնը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անաստուածը իր ձեռքերը բռնցքած, ամէն վայրկեան կը պայքարի Աստուծոյ դէմ, եւ յետոյ կ՛ըսէ թէ Ան գոյութիւն չունի: Հապա պայքարդ որո՞ւ դէմ է, անմի՛տ: Հապա ինչո՞ւ այդքան ժամանակ, ոյժ ու կորով կը վատնես եւ չգոյ էակի կը հակառակիս:
Ողբերգութիւն է անաստուածութիւնը նաեւ, որովհետեւ ուրախ թէ տխուր պահերու զգացումներդ թէեւ արտայայտելու միջոցներ ունիս, սակայն հասցէ չունիս: Ամէնէն յաջողակ անաստուածն ալ եթէ անկեղծ ըլլայ իր անձին հետ, պիտի տեսնէ թէ գերիվեր կարողութիւնը, որ այդ յաջողութիւնը պարգեւեց իրեն, միայն ուսման ու փորձառութեան ճամբով ստացուած գիտութենէն չի՛ պատճառուիր, այլ՝ արտաքին այնպիսի միջամտութենէ, որ իր ինքնավստահութեան ալ մարտահրաւէր կը կարդայ: Ամէնէն դժբախտ պահը անաստուածին այն կ՛ըլլայ, որ երբ երախտագիտութեան զգացում ուզէ արտայայտել, հասցէ պիտի չգտնէ: Ծնողներո՞ւն, գիտութեա՞ն, քաղաքակրթութեա՞ն. այս բոլորին երախտագիտական զգացումներ արտայայտելը բնական են, ու անհրաժե՛շտ: Սակայն մարդու հոգիին խորերէն եկող երախտագիտութեան զգացումը, որ հաւատացեալ քրիստոնեաներ երբեմն աղօթքի զգացումին հետ կը նոյնացնեն, մարդէն ու անոր կարողութենէն վեր հասցէ կը փնտռէ՝ հոն ուղղուելու համար: Այդ հասցէն՝ Աստուծոյ հասցէն է, զոր անաստուած մարդը չէ՛ գտած տակաւին:
Իսկ տխուր պահերու յաջորդող օրերուն, երբ մարդ առհասարակ առանձին կը մնայ ու ներամփոփ կեանքի կարիքը կը զգայ, յատկապէս ամենասիրելի անձի ֆիզիքական կորուստէն ետք, որո՞ւ կրնայ դիմել անաստուածը, երբ չէ՛ մնացած այլեւս հասցէ, ուր երթայ ու իր սիրտին դուռը բանայ անոր դիմաց: Ինքնամեկուսացումը, որ Ծայրագոյն Արեւելեան որոշ կրօններու մօտ լուծում իբրեւ կը ներկայացուի, միայն ժամանակաւորապէս կ՛ամոքէ մարդկային հոգին: Սակայն չ՛սպիացող վէրքը՝ բացուած հոգիին վրայ, դարձեալ քերթուելով պիտի արիւնի, ու մտահոգութիւն պատճառէ: Ցաւի ու վիշտի մէջ մարդ միշտ ցաւակից ու վշտակից կը փնտռէ, թեթեւցնելու համար իր տառապանքին ծանրութիւնը: Անաստուածը մխիթարութեան այդ առիթը կամաւորաբար մերժած, ու մխիթարիչը բռնութեամբ իր մօտէն վանած անձն է պարզապէս:
Անաստուածը նաեւ չի՛ մտածեր այն մասին, թէ՝ Աստուծոյ հաւատալը եթէ իսկապէս դժուար է, ու մարդկային միտքը երբեմն փակուղիի դիմաց կը գտնուի եւ կը դժուարանայ ընկալել այդ Մեծութեան գաղափարը, միւս կողմէ սակայն, շատ աւելի՛ դժուար է Անոր գոյութիւնը ժխտելը:
Այս բոլոր վերլուծումները անոր համար, որ անաստուածին հոգին պատուած է մանկական այնպիսի վախով, որ մութէն կը զգուշացնէ երեխաները: Թերեւս հանդիպած էք մանուկներու, որոնք գիշեր ատեն մութ տեղէ առանձին անցած ժամանակ, կ՛երգեն, բարձրաձայն կը խօսին կամ նոյնիսկ կը սուլեն, իրենց ներքին վախը փարատելու եւ քաջութիւն զգալու համար:
Արդի աստուածաբանութեան մէջ, Աստուծոյ գոյութեան դէմ ներկայացուցած անաստուածներու թէզերը կարելի է նմանցնել այդ մանուկներու երգին, բարձրաղաղակ գոռում-գոչումներուն, կամ ալ դողդոջող ու թրթռուն սուլոցին, թաքցնելու համար իրենց ներքին այն վախը, որ անորոշութենէ կը բխի:
Անաստուածներուն երգն ու սուլոցը լսող հասուն մարդիկ առհասարակ կը ծիծաղին, ու նոյնիսկ կը մտածեն օգնել անոնց, փարատելու համար մութէն պատճառուող վախը: Ինչո՞ւ պիտի սուլեն կամ երգեն անոնք, եթէ չեն վախնար: Իսկ այդ երգը կամ սուլոցը, մանուկներուն վախի հետեւանքով երգած երգերուն եւ արտաբերած սուլոցներուն նման, երբեք ալ ներդաշնակ երաժշտութեան պիտի չվերածուի: Այդ երգն ու սուլոցը գիշերուան մութին մէջ ալ պիտի կորսուին, նոյնիսկ չկարենալով փարատել երգողներուն կամ սուլողներուն զգացած ներքին մեծ վախը:
Երաժշտութիւնը հոգեկան վայելք պատճառելու համար, պէտք է ներդաշնակ կատարումով ներկայացուի: Այլապէս աղմուկի կը վերածուի, որ միայն զզուանք կը պատճառէ ունկնդիրներուն: Անաստուածներու կողմէ արտաբերուած երգերը, «իւրաքանչիւր գլուխէ մէկ ձայն»ի պատկերով, ցարդ «երաժշտութիւն» չեն դարձած, եւ յոյս ալ չկայ այդ բաղաձայն կատարողներով լաւ երաժշտութիւն ունկնդրելու: Անոնց կը մնայ, միայն բաւարարուիլ իրենց վախը փարատող սուլոցները կրկնելով, որպէս պաշտպանութիւն անորոշութեան խաւարէն: Իսկ մեզի՝ փառաւորել Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որու ուղղուած փառատրութիւնը դաշնաւորողները, անմարմին հրեշտակներն են, իրենց անզուգական «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ»ով (Հմմտ Ես 6.3, Յյտ 4.8):