«Նորթրիճ Չեցուըրթ Փե»չ թերթը կը հաղորդէ, թէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆերնանտօ Հովիտին մէջ ձերբակալուած է վեց հոգի՝ բեռնատարներէ գողութիւններ կատարելու կասկածով: Ըստ ոստիկանութեան՝ անոնք հայկական յանցախումի մը անդամներ են:
Արդարեւ, ձերբակալուած են 40ամեայ Թորոս Թուֆենջեան, 23ամեայ Մովսէս Դերմիշեան, 26ամեայ Յակոբ Ամալեան, 40ամեայ Արտակ Յարութիւնեան, 36ամեայ Արա Հայրապետեանն ու 38ամեայ Միգել Մորենօն: Ըստ ոստիկանութեան՝ անոնք գողցած են կահոյք, խաղալիքներ, ելեկտրական գործիքներ, դեղագործական ապրանքներ՝ Քամփթըն, Սանթա Քլարիթա եւ Վերնոն քաղաքներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.