
ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Սեյսմակայուն շինարարութեան հայկական ասոցեացիա»ի նախագահ, արհեստագիտական գիտութիւններու դոկտոր Միքայէլ Մելքումեան յայտնած է, որ խորհրդային տարիներուն կառուցուած շինութիւնները երկրաշարժին դիմադրելու եւ դիմանալու իմաստով անապահով են, իսկ դպրոցները ընդհանրապէս ողորմելի վիճակի մէջ են։ Այս վիճակի բարելաւման նպատակով Մելքումեան կառավարութեան առաջարկած է կիրառել իր կողմէ մշակուած երկրաշարժին դիմացող համապատասխան ծրագիրը, որով կարելի է 9 բալէն աւելի երկրաշարժին դիմակայող շէնքեր ունենալ: