
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Խուլերու… խօսակցութեան կը հանդիպինք ոչ միայն սովորական մեր առօրեային մէջ, այլեւ ու մանաւանդ քաղաքական բեմահարթակի վրայ, երբ դերակատարները՝ գործիչներ, խմբաւորումներ թէ կուսակցութիւններ պարզապէս իրենց տեսակէտը կը կրկնեն, առանց լսելու մրցակիցին կամ հակառակորդին ըսածը։
Աւելի՛ն. քաղաքական կեանքի մէջ կիրարկուող խուլերու խօսակցութիւնը, բաղդատած սովորական կամ առօրեայ իր նախատիպին, յղկուած ու կատարելագործուած է այն աստիճան, որ ուղղակի ճարտասանական արուեստի վերածուած է եւ զգեցած է… մրցապայքարի հատու զէնքի նշանակութիւն։
Այսպէ՛ս. խուլերու խօսակցութեան շնորհիւ՝
– Կրնաս չլսելու տալ ու չպատասխանել քեզ նեղ դրութեան մատնող հարցումի մը կամ քննադատութեան մը եւ, փոխարէնը, խօսակցութիւնը կրնաս զարգացնել տարբեր ու այն ուղղութեամբ, ուր ի վիճակի ես նեղ դրութեան մատնելու նոյնինքն քեզ անհանգստացնող քննադատը…
– Նոյնիսկ կրնաս օրակարգէն ու նախորոշուած բեմագրութենէն դուրս գալ եւ, մենախօսութիւն կատարելով, ունկնդիրին պարտադրել քու հաշիւներուդ ծառայող հարցերն ու լուծումները, որոնք եթէ ընդունելի չըլլան անգամ՝ այդուհանդերձ կ՛օգնեն, որպէսզի կարենաս այս կամ այն չափով ներկայութիւնդ պահպանել քաղաքական մրցապայքարին մէջ։
Անկասկած զաւեշտական դառնալու ամէն տուեալ ունի քաղաքական կեանքի մէջ կիրարկուող խուլերու խօսակցութիւնը։ Բայց միաժամանակ իրաւ ողբերգութեան կը յանգի, երբ անզօրութեան ու յուսահատութեան մատնուած ժողովուրդի մը արդարացի պահանջներուն քաղաքական ուժերը կը պատասխանեն սոսկ ինքնագովազդի ծառայող… ճարտասանութեամբ։
Քաղաքական նմանօրինակ ողբերգութեանց կարելի է հանդիպիլ աշխարհի չորս ծագերուն, գրեթէ ամէնուրե՛ք, եւ խորքին մէջ ա՛յդ է բուն պատճառը, որ 21րդ դարասկիզբի երիտասարդ սերունդները ընդհանրապէս լրիւ հիասթափուած են իրենց հաւաքական ճակատագիրը ղեկավարող քաղաքական գործիչներէն ու կուսակցութիւններէն։
Վերանկախացեալ Հայաստանը այս առումով ոչ միայն բացառութիւն չի կազմեր, այլեւ ընդհանուր հոսանքը իւրովի կը շեշտէ։
18 Փետրուար 2013ին ճշդուած ՀՀ նախագահական ընտրութեանց սեմին, Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը գերին դարձած է, բառին ամէնէն բարացուցական իմաստով, զաւեշտականէն շատ անդին անցած՝ ուղղակի ողբերգական տարողութիւն ստացած խուլերու խօսակցութեան։
Հայ մարդը ապշահար մնալու ամէն հիմք ունի, որովհետեւ մէկ կողմէ՝ իշխանութեան ճամբարէն կը լսէ գործող նախագահին վերընտրութիւնը լորձնաշուրթն գովազդող մենախօսութիւններ, իսկ միւս կողմէ՝ ընդդիմադրութեան ճամբարէն ականջալուր կը դառնայ միացեալ ճակատով ընտրութեանց ներկայանալու… խորհրդակցութեանց, որոնք կը յատկանշուին ընդդիմադիր իւրաքանչիւր ուժի սեփական դիրքերը մեկնաբանող ու արդարացնող մենախօսութեամբ։
Կատարելապէս ողբերգական խուլերու խօսակցութիւն կ՛ընթանայ ոչ միայն նախագահական ընտրապայքարին մրցակից ուժերուն՝ քաղաքական գործիչներուն եւ կուսակցութեանց միջեւ, այլեւ ու մանաւանդ՝ մէկ կողմէ մեր ժողովուրդը ներկայացնող ընտրազանգուածին եւ, միւս կողմէ, անոր վստահութեան քուէին յաւակնորդ քաղաքական վերնախաւին խայտաբղէտ ու մրցակից ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հայաստանի ու հայութեան վաղուան օրուան հաշւոյն ծանրակշիռ մտահոգութեան աղբիւր է յատկապէս երկրորդը՝ ժողովրդային ընտրազանգուածին եւ քաղաքական վերնախաւին միջեւ խորացող անհասկացողութեան ու անվստահութեան խրամատը, որ հետեւանքն է նոյնինքն ներ–քաղաքական բեմահարթակին վրայ իշխող խուլերու խօսակցութեան։
Քաղաքական վերնախաւը, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր իր ներկայացուցիչներով հանդերձ, ի՛նչ ալ ըսէ գործող նախագահին եւ վաղուան Հայաստանին ու հայութեան անհրաժե՛շտ նախագահին մասին, մեր ժողովուրդին ընտրազանգուածը ամէն բանէ առաջ եւ վեր կը հետեւի ու հաւատք կ՛ընծայէ բացառապէս իր տեսածին, ճաշակածին եւ շօշափածին։
ա.) Պէտք չունի իր քաղաքական վերնախաւի ներհակ բեւեռներէն լսելի դարձող հակաճառութեանց, որպէսզի իր նախասիրութիւնները յստակացնէ եւ կողմնորոշում կատարէ։ Քաղաքական դաժան կենսափորձով գիտէ, թէ իր քուէին հանդէպ յարգանք չունին նախագահական իշխանութեան յաւակնորդ ուժերն ու գործիչները, մանաւանդ անոնք, որոնք պետական վարչամեքենային եւ իշխանութեան օրինական ու ստուերային լծակներուն վրայ հակակշիռ հաստատած են եւ, այդ ճամբով, հետամուտ են ու ի վիճակի են ըստ կամս ձեւաւորելու եւ հունաւորելու ընտրազանգուածի վստահութեան քուէն։
բ.) Քաղաքական վերնախաւի ընդդիմադիր բեւեռի ուժերէն ու գործիչներէն առաջ եւ անդին, ընտրազանգուածին մեծամասնութիւնը ի՛նք լաւապէս կը գիտակցի, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս, Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին, վստահութեան իր քուէն տուաւ իշխանաւոր ճամբարին եւ ոչ թէ ընդդիմադրութեան։ Ուղղակի եւ անուղղակի ընտրակաշառքը անկասկած իր դերը ունեցաւ։ Բայց աւելի՛ վճռորոշ եղաւ ընտրազանգուածին այն համոզումը, թէ ինք դատապարտուած է ընտրութիւն կատարելու մէկ կողմէ պետութեան տիրացած ուժին, իսկ միւս կողմէ պետութեան ղեկին յաւակնորդ քաղաքական ուժերու միջեւ… Եւ իր վստահութեան քուէն, բնականօրէն, տուաւ ընտրական յաղթանակին ամէն միջոցաւ, ի հարկին ներ–քաղաքական դաշտը այրելու գնով հասնելու կամակորութեամբ պայքար մղող պետութեան… տիրակալին։
գ.) Ընտրազանգուածը յագեցած է՝ արդէն յոգնած ըլլալու իմաստով՝ ժողովրդավարական ընտրապայքարի եւ ժողովրդավարական շարժումի ուժին, օգտակարութեան եւ հրամայականին մասին ճառեր հրամցնող խուլերու խօսակցութենէն։ Քսանամեայ մեր անկախութեան շնորհիւ, էապէս ժողովրդավարական մշակոյթ ձեւաւորելու եւ քաղաքացիական ազդու շարժում ձեւաւորելու փոխարէն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական վերնախաւը արմատաւորեց ժողորդավարութեան նմանակումի հակա–մշակոյթ մը, որ նաեւ մեծապետական ուժերուն իրողական »օրհնութիւն«ը կը վայելէ, որովհետեւ մեծերը մեր երկիրին ու ժողովուրդին կը նային իբրեւ խորհրդային ամբողջատիրութեան »ժառանգութիւն«ը տակաւին թօթափելու ճիգին մէջ գտնուող երկրի։ Այսինքն՝ մեծապետական աշխարհի աչքին Հայաստան կրնայ համարուիլ համեմատաբար արագ քայլերով դէպի ժողովրդավարութիւն յառաջացող պետութիւն, բայց նոյնինքն հայրենի ընտրազանգուածին դառն կենսափորձով՝ եղածը ժողովրդային քուէն հակակշռելու ժողովրդավարական »եղանակներուն« կատարելագործումն է էապէս։
դ.) Ընտրազանգուածը թերեւս հասկնալի, բայց ըստ ամենայնի ոչ մէկ պարագայի արդարանալի կը գտնէ ժողովրդավարութեան անունով եւ եղանակներով իր քուէին վրայ բռնացող իշխանաւոր ճամբարին անընդունելի այս վարքագիծը։ Այդ առումով նախ զիրար կ՛արժեն վերանկախացեալ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը այսպէս միանձնեայ ղեկավարած երեք ուժերն ու գործիչներն ալ։ Երկրորդ՝ եթէ նախորդ երկու նախագահներն ու այժմու գործող նախագահը բաղդատական արժեւորման պէտք է ենթարկել, ընտրազանգուածին մեծամասնութիւնը անկասկած կը նկատէ, որ գործող նախագահը իր վերընտրութիւնը ապահովելու համար, յատուկ կարեւորութեամբ ու զգալի հետեւողականութեամբ, երկու տարիէ ի վեր տենդագին կ՛աշխատի »բարեկարգիչ«ի իր դիմայարդարումին վրայ… Քաղաքական բեմահարթակին վրայ, ամէնէն աւելի հնչեղ ճարտասանութեամբ, գործող նախագահը խուլերու խօսակցութեան մէջ ստանձնած է գործնապէս բարեփոխումներ կատարելու մենախօսութեան գլխաւոր դերը՝ պետական վարչամեքենայի երիտասարդացման, համատարած խաթարուածութեան՝ կոռուպցիայի դէմ պայքարի, միջին ու մանր գործարարութեան պաշտպանի եւ, մանաւանդ, հայ մշակոյթի ու ազգային–հասարակական արժէքներու պահապանի եւ քաջալերողի »դրօշակիր« ներկայանալով։
ե.) Ընդդիմադիր ճամբարէն ներկայացուող ընտրանքներուն նկատմամբ եւս ընտրազանգուածին մեծամասնութիւնը կը դրսեւորէ նոյնպէս վերապահ կեցուածք։ Մայիսի խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին ընդդիմադիր ուժերու արձանագրած »խայտառակ« պարտութեան համար, ընտրազանգուածը տակաւին կը սպասէ իր դժգոհութիւններն ու բարեփոխման սպասումները արտայայտելու կոչուած ընդդիմադրութեան յստակ ու վճռական բացատրութեան եւ հետագայ ընելիքին։ Փոխարէնը՝ ընդդիմադիրները տակաւին կը խորհրդակցին, նաեւ իշխանաւոր ճամբարի կուսակցութեանց հետ, նախագահական վարչաձեւէն խորհրդարանականին անցնելու հրամայականին շուրջ… Ընտրազանգուածը բնականաբար թերահաւատութիւն կ՛արտայայտէ ընդդիմադրութեան ձեռնարկած խորհրդակցութեանց եւ նոյն այս օրակարգին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու հաւանականութեան նկատմամբ, որովհետեւ 1) նախագահական ընտրութեան միայն երկու ամիս մնացած է եւ միասնական դիրքորոշում առաջացած չէ, 2) այնքան ալ պարզ չէ, որ համախոհութիւն կա՞յ խորհրդարանական իշխանութեան անցնելու սկզբունքին շուրջի եւ 3) նման արմատական բարեփոխութեան յանձնառու եղող »միասնական թեկնածու« կրնա՞յ գտնուիլ ընդիմադրութեան շարքերուն մէջ։
Այս բոլորով հանդերձ՝ Հայաստանի նախագահական վեցերորդ ընտրութիւնը »անխռով« կը մօտենայ իր վճռահատման կէտին։
Իսկ 2013ի նախագահական ընտրութեանց իւրայատկութիւնը նոյնքան »անխռով« բեմագրութիւնն է խուլերու խօսակցութեան, ուր մինչ ընդդիմադրութիւնը կը խորհրդակցի միասնական ճակատով ընտրապայքարի լծուելու մարտահրաւէրին շուրջ, իշխանաւոր ճամբարը յաղթաքայլ կ՛արշաւէ դէպի գործող նախագահին »տպաւորիչ« վերընտրութիւնը։
–Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ