
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին հաղորդեց, թէ Հոլանտայի խորհրդարանի մամլոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ատրպէյճանական եւ թրքական միութեանց համատեղ ջանքերով կազմակերպուած համագումար մը։
Համագումարին ընթացքին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կանիրէ Փաշայեւա ըսած է, որ «Խոճալուի սպանդը միայն Ատրպէյճանի թուրքերուն ուղղուած չէր, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան։ Այս պառակտումը վնաս կը պատճառէ մեր դատին»։ Ան աւելցուցած է, թէ «հայերու կողմէ բռնագրաւուած տարածքները» պիտի վերադարձուին Ատրպէյճանին:
«Օր մը իսկապէս պիտի վերադառնանք այդտեղի մեր գիւղերը», եզրակացուցած է ան։
Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Ատիլ Ալիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ «բռնագրաւուած իր հողամասերը» խաղաղ միջոցներով ետ առնել՝ համագումարը «պատմական» որակելով:
Հոլանտայի Թրքական տան նախագահ Վէյիս Կիւնկէօրն յայտնած է. «Ղարաբաղի հարցը, Արեւմտեան Թրակիոյ հարցը, Արեւելեան Թուրքիստանի հարցը եւ այսպիսի խնդիրներ թրքական աշխարհի արիւնող վէրքերն են, եւ ասոնք այլեւս համաշխարհային հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ դրուեցան։ Հոս կատարուած այս հաւաքը եւս պատմութեան պիտի անցնի»։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի թուրք կանանց միութեան նախագահ Թենզիլէ Ռիւսթեմխանլը պնդած է, որ Արցախի «բռնագրաւումը» նաեւ Թուրքիոյ դէմ քայլ մըն է՝ աւելցնելով. «Հայերը քայլ առ քայլ կ՛ուզեն մօտենալ Մեծն Հայաստանի ծրագիրին եւ բազմաթիւ երկիրներ այս ծրագիրի ետին կանգնած են»։