
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ռոզմիտի «Տապըլ Թրի» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին, Արեւելեան Լոս Անճելըսի եւ Մոնթեպելլոյի գործարար եւ արհեստավարժ կանանց միութիւնը այս տարի իր «Իրագործումներու կինը» մրցանակը շնորած է Մոնթեպելլոյի մէջ «Հեվընլի Չոյս» նուէրներու խանութի սեփականատէր Տենիս Յակոբեանին:
1983ին բացուած նշեալ խանութի համասեփականատէրը գործօն անդամ մըն է շրջանի առեւտրական շրջանակներուն մէջ եւ թոռնիկն է 1906ին Հայաստանէն Լոս Անճելըս փոխադրուած հայ ագարակապանի մը, որ իր երգած հայկական երգերով՝ հայ մշակոյթը ծանօթացուցած է Տենիսին, որ ծնած ու հասակ նետած է Մոնթեպելլոյի մէջ, իսկ անցեալին եղած է նաեւ Լոս Անճելըսի Արուեստներու եւ մշակոյթի յանձնաժողովի անդամ: