
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական հայրենակցական միութիւնները, Դեկտեմբեր 15ին առաջին անգամ ըլլալով կը մէկտեղուին եւ Պոլսոյ մէջ կը նշեն քրիստոնէական Սուրբ Յակոբ տօնը: Այս մասին կը յայտնէ «Ակունք» կայքը:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին ատըեամանցի, ամասիացի, արաբկիրցի, տերսիմցի, տիարպեքիրցի, խարբերդցի, համշէնցի, պոլսեցի, քասթամոնուցի, կեսարացի, մալաթիացի, մուսալեռցի, սասունցի, սինոփցի, սեբաստացի, թոքաթցի եւ զարացի հայեր:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներու «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի էջով տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ սոյն երեկոյթը նախապէս ծրագրուած էր իբրեւ նեղ կազմով հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցէին Պոլսոյ մէջ գործող ու համերկրացիի հանգամանքով ստեղծուած հայկական հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները միայն, սակայն հետագային որոշուած է նախաձեռնութիւնը լայն շրջանակով իրականացնել, որպէսզի անոր կարենան մասնակցիլ ցանկութիւն ունեցող բոլոր հայերը:
Հաղորդագրութեան համաձայն նաեւ՝ կազմակերպիչներուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ իրենք կրնան միացեալ նպատակներով մէկտեղուիլ եւ փաստացի պատասխան տալ որոշ շրջանակներէ ներս շրջանառուող այն ենթադրութիւններուն, թէ հայերու կազմակերպման նպատակը «անջատողականութիւնն է»:
Կազմակերպիչները հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնեն պատճառը, թէ ինչու նախաձեռնութեան օր ընտրուած է Ս. Յակոբի օրը: Ըստ անոնց՝ գիտակցաբար տրուած այդ նախապատուութեամբ, իրենք նպատակ ունին յիշեցնելու այն աւանդական տօներէն մէկը, որ հին ժամանակ նշուած է արեւմտահայերուն կողմէ:
Հաղորդագրութեան մէջ տեղեկութիւններ կը տրուին նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ սկզբունքով ընտրուած են այդ շրջանները, որոնց ներկայացուցիչները պիտի մասնակցին այս նախաձեռնութեան: Կազմակերպիչներուն համաձայն՝ շրջաններու անուններու ընտրութեան համար օգտագործած է հետեւեալ սկզբունքը. տուեալ շրջանը կազմակերպուա՞ծ է, կազմակերպման ընթացքի մէ՞ջ է, տուեալ շրջանի հայերը որեւէ օր կրնա՞ն մէկտեղուիլ եւ այլն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձեռնարկը բաց պիտի ըլլայ ոչ միայն հայերու, այլեւ՝ ինքզինք հայերուն մօտ համարող իւրաքանչիւր անհատի համար: Երեկոյթը պիտի ընթանայ ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւնը: Իբրեւ հիւր երգիչներ պիտի մասնակցին Պոլիսէն Պարթեւ Գարեանը եւ Հայաստանէն Աշոտ Վարդանեանը: