ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

18 Փետրուար 2013ի ՀՀ նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, Դեկտեմբեր 15ին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը գումարեց իր «արտահերթ համագումար»ը, որուն ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ղեկավարած կուսակցութեան կողմէ պաշտօնապէս թեկնածու առաջադրուեցաւ նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար։
Ակնբախօրէն, բացի իր անուանումէն, արտահերթ ոչինչ ունէր «Հանրապետական»ին համագումարը։ Պարզապէս, ՀՀ ընտրական օրէնքին տառը յարգելու համար, Հայաստանի գործող նախագահը օրինականութեան նմանակումի հերթական ցուցադրութիւն մը հրամցուց մեր ժողովուրդին ու, մանաւանդ, Հայաստանով շահագրգռուած օտարներուն։
Ներկայացուեցաւ նախագահական թեկնածու առաջադրելու պսպղուն ցուցահանդէս մը, երբ բոլորին համար ալ պարզ ու որոշ էր, որ՝
ա. Կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն արդէն բացայայտուած էր աւելի քան մէկուկէս տարի առաջ.
բ. Հանրապետականը կառավարական համախմբումի իր զոյգ գործակիցներուն հետ արդէն ստորագրած էր ընտրական դաշինք՝ 2013ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին գործող նախագահին թեկնածութիւնը միասնաբար պաշտպանելու առաջադրանքով.
գ. Սերժ Սարգսեան նախագահական իր պաշտօնավարութեան վերջին զոյգ տարիները արդէն սպառած էր՝ իրեն վստահուած իշխանութիւնը ծառայեցնելով ՀՀ նախագահ վերընտրուելու իր թեկնածութիւնը ամէն գնով յաջողութեամբ պսակելու… հրամայականին։
Իսկ Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Սերժ Սարգսեանի արձանագրած «տպաւորիչ յաղթանակ»ը եկաւ, փաստօրէն, մերկացնելու նախագահական գործող իշխանութիւնը հանգամանքի չարաշահման իր ամօթը ծածկող թզենիի տերեւէն՝ արար աշխարհին ցուցադրելով օրինականութիւնը ըստ կամս սահմանելու, մեկնաբանելու եւ… պարտադրելու բռնակալական վարքագիծ մը։
Արտահերթ ոչինչ կար նաեւ ՀՀԿ նախագահական թեկնածու առաջադրուած Սերժ Սարգսեանի նախընտրական ծրագրային ելոյթին մէջ։
Ըստ էութեան, իրականութեան կը համապատասխանէ եւ չափազանցութիւն չէ ընդդիմախօս մամուլի այն դիպուկ նշումը, թէ գործող նախագահը պարզապէս կրկնեց տարիներէ ի վեր իր արտայայտած մտածումները։ Անշուշտ նորացուած էր ճարտասանութիւնը եւ տպաւորիչ էր բանաձեւումը Սերժ Սարգսեանի ելոյթին եզրափակիչ գլխաւոր կէտերուն.
«Սա նո՛ր Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա խօսքի ազատութեան, ժողովրդավարութեան Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա օրէնքի գերակայութեան եւ իրաւունքի Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա տնտեսական ազատութեան եւ մրցակցութեան Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա այստեղ ապրող բոլոր ազգերի, բոլոր քաղաքացիների համար պատասխանատու Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւնները յարգող Հայաստան է եւ վերջ:
«Սա իր պատմութիւնը յիշող, նրանից հզօր լիցքեր առնող, բայց նաեւ հնոտիքը իր վրայից թափող, նոր պատմութիւն կերտող Հայաստան է եւ վերջ»:
Այսուհանդերձ՝ Հանրապետական կուսակցութեան կամ նոյնինքն Սերժ Սարգսեան քաղաքական գործիչին իւրայատուկ գաղափարական որեւէ ներդրում կարելի չէ գտնել «աւելի լաւ Հայաստան մը» պատկերացնող ծրագրային այս առաջադրանքներուն մէջ։
Ընդհակառակն՝ համազգային հնչեղութիւն վայելող այդ առաջադրանքները փաստօրէն վարկաբեկումի կ՛ենթարկուին, երբ կը հնչեն հինգ տարի Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը միանձնեայ ղեկավարած եւ աւելի քան քսան տարի Հայաստանի իշխանութեանց ղեկին մերձակայքը կանգնած քաղաքական գործիչին բերնէն։
– Քաղաքական գործիչ, որուն հասարակական կենսագրութիւնը կը սկսի խորհրդային ժամանակներէն, երբ Կոմսոմոլի ղեկավարի դիրքէն ի վիճակի պէտք է ըլլար առաջին քայլերը նետելու ժողովրդավարական Հայաստանի ուղղութեամբ։
– Քաղաքական գործիչ, որ 1988ի համաժողովրդային շարժման հուժկու ալիքը ղեկավարող նորայայտ դէմքերու շարքին էր, Արցախի մէջ ՀՀՇի լիազօր ներկայացուցիչ ալ եղաւ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ ի վիճակի պէտք է ըլլար հայրենի սայլը շարժելու դէպի ազատ ու իրաւական պետութիւն։
– Քաղաքական գործիչ, որ հասաւ ՀՀ պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան նախարարի դիրքերուն, ուր հնարաւորութիւնը ունէր եւ կրնար հնարաւորութիւններ ստեղծել, որպէսզի հայը հպարտ զգար իր հայրենի պետութեամբ եւ խորթացում չապրէր իր սեփական իշխանութեանց նկատմամբ։
– Քաղաքական գործիչ, որ Հայաստանի վարչապետութիւնն ալ ստանձնեց եւ Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ ժառանգեց, ղեկավար դիրքեր, որոնք ամէն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէին, որպէսզի վերանկախացեալ Հայաստանը հաստատուն քայլեր նետէր իրաւ տնտեսական ազատութիւն հաստատելու, լիարժէք կուսակցութիւն կայացնելու եւ ժողովրդավարացումը արմատաւորելու ուղղութիւններու։
– Քաղաքական գործիչ, որ ի վերջոյ Մարտ Մէկի «կայսերական ծննդաբերութեամբ» նախագահական իշխանութեան բարձրագոյն ղեկին յայտնուեցաւ եւ հինգ տարի լրիւ ժամանակ ունեցաւ, որպէսզի՝ «աւելի լաւ Հայաստան մը» ունենալու յոյսը կարենար ներշնչել մեր ժողովուրդին։
Այս բոլոր առումներով՝ «աւելի լաւ Հայաստան մը» առաջադրող Սերժ Սարգսեանի ՀՀ նախագահ վերընտրութեան նախընտրական ծրագրային ելոյթը ոչ միայն նոր բան չի խոստանար, այլեւ երկու տասնամեակէ ի վեր մեր ժողովուրդին փայփայած յոյսերը կը խոցէ՝ խօսքին եւ գործին միջեւ խրամատը լեցնելու, մինչեւ իսկ նեղցնելու օրակարգ չունեցող քաղաքական գործիչի մը «բարի կամեցողութեան» պատանդ պահելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Այս բոլոր առումներով՝ իրաւական ու ժողովրդավարական իշխանութեան նմանակումի հերթական ցուցադրութենէն անդին գացող շատ նորութիւն չկայ եւ արտահերթ ոչինչ կայ թէ՛ Դեկտեմբեր 15ի ՀՀԿ արտահերթ համագումարին, թէ՛ անոր կողմէ նախագահական թեկնածու առաջադրուած Սերժ Սարգսեանի նախընտրական ելոյթին մէջ։
Բայց ճշմարտութեան եւ արդարութեան սիրոյն պէտք է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս իր քաղաքական կենսագրութեան կապեց Հայաստանի ու հայութեան «գալիք»ը, երբ «սա նո՜ր Հայաստան է եւ վերջ» իր յանկերգին մեկնակէտ ու հիմք հռչակեց այն ինքնագովազդը, թէ՝ «Ես ասում եմ՝ հետեւողականօրէն մի կողմ ենք նետելու ամբողջ վատն ու թերին, որ կայ մեր աշխատանքում եւ կենցաղավարութեան մէջ: Դրա համար մենք բազում քայլեր արդէն արել ենք, որ դեռ նոր պիտի պտուղներ տան: Արդէն սկսում ենք վերջնախաղը: Յաղթական վերջնախաղը»:
Ի՜նչ վերջնախաղի, աւելի՛ն՝ ո՞ր յաղթական վերջնախաղի մասին է խօսքը։
Եթէ տակաւին կան միամիտներ, որոնք կրնան հաւատալ, թէ Սերժ Սարգսեանով ներկայացող քաղաքական հոսանքը «բազում քայլեր արդէն արել» է վերանկախացեալ Հայաստանի 21ամեայ կեանքին մէջ, ապա Աստուած օգնէ այդօրինակ երանելի՜ հաւատացողներուն, որոնք իրենց քուէն պիտի տան կամ ծախու պիտի հանեն՝ ի խնդիր գործող նախագահին գովազդած «դեռ նոր պտուղներ պիտի տան» խոստումին։
Ողբերգականը այդ չէ, սակայն։
Ողբերգականը առանց մրցակիցի ՀՀ նախագահ վերընտրութիւնն է քաղաքական գործիչի մը, որ սահմանադրականօրէն վերջին հնարաւորութիւնը ունի Հայաստանի նախագահական աթոռին տիրանալու եւ որ, ամենայն անկեղծութեամբ, կը հաւատայ եւ կ՛ուզէ հաւատացնել, թէ իր ընտրութեամբ Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի տեսնեն «աւելի լաւ» ժամանակներու… «յաղթական վերջնախաղը»։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ