
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 23ին, «Լարք» երաժշտանոցի սաները եւ «Դիլիջան» սենեկային համերգաշարի երաժիշտները իրենց հարուստ նուագացանկէն ներկայացուցին ամփոփ ելոյթ մը՝ ի պատիւ իրենց աջակցողներուն եւ նուիրատուներուն:
Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ կայացած ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովնան արք. Տէտէրեանի, առիթ մըն էր «Լարք»ին, ներկայացնելու համար Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կլայեցի անուան իր անդրանիկ պատուոյ շքանշանը ստացողները՝ տէր եւ տիկին Ճերի եւ Փաթրիսիա Թրբանճեանները, որոնք այս տարուան ընթացքին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էին թէ՛ «Լարք»ի եւ թէ ընդհանրապէս հայութեան համար:
Անոնց նպաստին շնորհիւ, տարեսկիզբը նիւթական ծանր դժուարութեանց դէմ յանդիման մնացած ու փակուելու սեմին հասած «Լարք»ին առիթ ընծայուեցաւ շարունակելու իր առաքելութիւնը՝ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցելու ապագայ սերունդներուն:
Շքանշանը յանձնուեցաւ ձեռամբ «Լարք» երաժշտանոցի վարչութեան ատենապետ Էնտի Թորոսեանի: Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ նախկին վարչութեանց ատենապետները:
Երգերով, երաժշտութեամբ եւ արտասանութիւններով ճոխացած գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին, ձեռնարկի փակման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէտէրեանը, ապա, առաջնորդութեամբ «Լարք»ի տնօրէն Վաչէ Պարսումեանի՝ ներկաները միաբերան երգեցին «Հայր Մեր»ը:
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1989ին։ Անիկա ունի երեք կարեւոր ուղղութիւններ՝ ուսուցողական, կատարողական եւ հրատարակչական: «Դիլիջան» սենեկային համերգաշարի գործունէութիւնը սկսած էր 2005ին, առաջնորդութեամբ Մովսէս Պօղոսեանի, եւ ցարդ իրականացուցած է իւրայատուկ բազմաթիւ համերգներ:
«Լարք»ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք www.larkmusicalsociety.com կայքը։