
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով՝ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան:
ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30էն՝ այցելելով Հայ ազգային բուժարանը (Ազունիէ) եւ ՔԱՀԼ՝ հրամցնելով ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ փունջ մը երգեր՝ տօնական ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով հոն գտնուող մամիկներուն եւ պապիկներուն համար եւ յայտնելով, որ իրենք առանձին չեն, այլ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք պատրաստ են ժամանակ տրամադրելու իրենց: Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը՝ ստանալով ծերունիներուն օրհնութիւնը: Շեփորախումբը իրեն հետ տարած էր փոքր նուէրներ՝ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով:
ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի «Զուարթնոց» կեդրոն՝ կաղանդ պապուկի ընկերակցութեամբ, ուր դիմաւորուեցաւ հոն գտնուող աշակերտութեան կողմէ դարձեալ նուագելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր, ճոխացնելով Ամանորի խրախճանքը, ինչպէս նաեւ նուէրներ բաժնելով բոլոր աշակերտներուն՝ մաղթելով, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը համայն աշխարհին համար:
Պուրճ Համուտի հրապարակը, Արաքս փողոցը եւ անոր զուգահեռ լայն պողոտան դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մէջ էին 28 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին՝ ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին հրամցուցած Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգերով:
Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար: Վերջինս իր սիրալիր ընդունելութեան կողքին ամէն տեսակի դիւրութիւն տրամադրեց շեփորախումբին, որպէսզի անիկա իր ծրագիրը իրականացնէ:
Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբի անդամները, որոնք խանդավառեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերը՝ տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով: