ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անգլիոյ Պըրմինկհեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Պանիրի համաշխարհային մրցանքին, Քալիֆորնիա հաստատուած «Գարուն տէյրիզ» ընկերութենէն երկու պանիրներ մրցանակներ խլած են:
Արծաթ մետալի արժանացած է ընկերութեան «Մոցարելլա պոլ»ը, իսկ պրոնզ մետալ շահած է «Կոթ պեսքեթ ֆեթա»ն:
Աւելի քան 35 երկիրներէ մօտաւորապէս 2500 պանիրի տեսակներ կը մասնակցէին մրցանքին, որ կը նկատուի իր տեսակին մէջ ամենահեղինակաւորը: Պանիրները արժեւորելու համար, աշխարհի չորս կողմէն Պըրմինկհեմ ժամանած էին 220 մասնագէտներ:
«Գարուն տէյրիզ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռոտոմ Պաղտասարեան մեծ պատիւ կը համարէ այս մրցանակները՝ զանոնք արդիւնք համարելով բնական, լաւորակ ու համեղ պանիրներ արտադրելու նպատակին համար ընկերութեան որդեգրած միջոցառումներուն, որոնք հիմնուած են աւանդական ու ընտանեկան խոհագիրներու վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.