
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Եւրախորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցը 10 Յունուարին կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ արագացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը:
«Երկու կողմերն ալ պէտք է ջանքեր գործադրեն լուծումներ որոնելու համար, եւ Եւրախորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն՝ խուսափելու որեւէ յայտարարութենէ, որ կրնայ յանգեցնել մեծ լարուածութեան», յայտնած է Շուլցը Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունենալով Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեանի հետ։ Այս լուրը հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»: