
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարութեան շէնքը այս տարուան Մարտին աճուրդի կը դրուի: 15 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը: «Քանի որ կայ մեր հանրութեան պահանջը եւ կայ իմ մտավախութիւնը, որ գոյքն էժան է գնահատուել շուկայական արժէքից, դրա համար մենք այս պահին այն դնում ենք աճուրդի», յայտնած է Սահակեան:
Անոր համաձայն, արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էռնեկեանը եւ «Տանգօ» ընկերութիւնը չեն հրաժարած շէնքը գնելու իրենց առաջարկէն, բայց եւ այնպէս, եթէ աճուրդին ընթացքին աւելի բարձր գին տուող ըլլայ, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը անոր պիտի վաճառուի։ «Եթէ ոչ՝ մենք մեր գործարքը կը շարունակենք «Տանգօ» ընկերութեան հետ», յայտնած է Սահակեանը: Աճուրդի գինը պիտի սկսի 51 միլիոն 271 հազար տոլարին համարժէք դրամէն:
Յիշեցնենք, որ 4 Հոկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան որոշումով կառավարական թիւ 2 մասնաշէնքը ուղղակի վաճառքի ձեւով ծախու հանուեցաւ արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էռնեկեանին պատկանող «Տանգօ» ընկերութեան։ Վաճառքի հանուած շէնքին ընդհանուր տարածքը կազմած էր 14.2 հազար քառակուսի մեթր, գործարքի արժէքը՝ 20 միլիառ 692 միլիոն 320 հազար դրամ: Կառավարութեան այլ որոշումով անիկա աճուրդի պիտի դրուի։