
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».– Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան յայտնած է, որ որոշած է ձեռնպահ մնալ աշխոյժ քաղաքականութեան վերադառնալէ, քանի որ քաղաքական փոխհամաձայնութեան փնտռ-տուքը Հայաստանի մէջ փոխուած է «մանրածախ քաղաքական առեւտրի», եւ արդէն անիմաստ է «ծախսել ժամանակս, գիտելիքներս ու փորձս»:
15 Յունուարին «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քոչարեան խոստովանած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր հաւանական մասնակցութեան որոշ ակնկալութիւններ կային:
Քոչարեան նաեւ նշած է, որ իշխանութեան պայքարը երկու ղարաբաղցիներու միջեւ (նկատի ունի ինք եւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը) իրեն համար անընդունելի է: «Այն բարդ ընտրութեան իրավիճակ կը ստեղծէր շատերի համար ու կը դառնար տարատեսակ շահարկումների առարկայ: Բացի այդ, ինքս եմ ժամանակին առաջարկել գործող նախագահին որպէս յաջորդողի, եւ վերընտրուելու նրա ցանկութիւնը հասկանալի է», յայտնած է նախկին ղեկավարը:
Քոչարեան աւելցուցած է, որ ինքը չ՛ուզեր մասնակցել «իշխանութեան պայքար մղող երեք նախագահների» (նկատի ունենալով նաեւ նախկին նախագահ, ներկայիս հիմնական ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը) «ծայրայեղ տհաճ եւ երկրի համար վնասակար ձեւաչափի կազմաւորմանը»:
Ան նաեւ քննադատած է իրեն յաջորդող նախագահին քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս՝ արտագաղթի, ընկերային-տնտեսական իրավիճակին պատճառով:
«Հիմնարար գործօնները, ցաւօք, այսօր էլ լաւատեսութիւն չեն ներշնչում: Հայաստանից բնակչութեան արտահոսքի տեմպերը չեն կրճատւում, եւ սա արդէն նման չէ աշխատանքային միգրացիայի: Ցածր ծնելիութեան եւ ծերացող բնակչութեան պարագայում սա չափազանց վտանգաւոր միտում է», յայտնած է Քոչարեան:
Ընդունելով հանդերձ, որ 2009 թուականի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն ետք տնտեսութիւնը սկսած է աճիլ, նախկին նախագահը կասկած յայտնած է այն մասին, թէ որքանո՞վ այդ աճը կայուն պիտի մնայ նուազող ներդրումներու բերումով, եւ որքանո՞վ անիկա պայմանաւորուած պիտի ըլլայ արտաքին պարտքի կուտակումով: Տնտեսութեան համար իբրեւ հաւանական դրական գործօն Քոչարեան անդրադարձած է երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումին՝ Աբխազիոյ վրայով, ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն ետք:
Խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին՝ Քոչարեան ընտրութիւններէն առաջ քաղաքական մրցակցութիւնը բնութագրած է «ասես տիկնիկային»:
Քանի մը քաղաքական ուժեր, որոնց կարգին մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Կոնգրեսը հրաժարուեցան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելէ՝ հաւանաբար ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին մէջ գործող իշխանութիւններուն որեւէ լուրջ մարտահրաւէր կարդալու կարելիութիւն չտեսնելով:
Ռոբերտ Քոչարեան ընդգծած է, որ նման իրավիճակ մը չի կրնար նպաստել իշխանութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին, ինչ որ կ՛առաջնորդէ հասարակութեան անտարբերութեան:
«Յայտնի է, որ առանց մրցակցութեան իշխանութիւնը գուցէեւ հանգիստ է քնում, բայց ժողովուրդը, որպէս կանոն, վատ է ապրում,- յայտնած է Քոչարեան՝ աւելցնելով,- Կառավարութեան հանգիստ ու հանդարտ ջանքերով շատ դժուար է լինելու կոտրել այս միտումները: Մեզ շատ աւելին է պէտք: Այն, ինչը կը մոբիլիզացնի հասարակութեանը, հաւատ կը ներշնչի եւ կը մղի գործողութիւնների: Յոյսով եմ, որ իշխանութիւնը կը յաղթահարի այս մարտահրաւէրները»: