
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է սփիւռքահայ երաժիշտ Արթօ Թունճպոյաճեանը: Հանդիպման ընթացքին ան նախարարին ներկայացուցած է իր մշակութային եւ հասարակական գործունէութիւնը՝ Սփիւռքի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի մէջ: Ան յատկապէս անդրադարձած է Արուեստի դպրոցի ստեղծման իր գաղափարին ու անոր կարեւորութեան:
Նախարարը ներկայացուցած է Սփիւռքի նախարարութեան հիմնական ուղղուածութիւնն ու նպատակները, մասնաւորապէս ա-ռանձնացնելով հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ հայկական ներուժի բացայայտման եւ ի նպաստ հայրենիքի օգտագործման, հայրենադարձութեան գծով տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի հիմնախնդիրներու բացայայտման եւ արժեւորման նպատակով կատարուող հետազօտութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են սփիւռքի մէջ առկայ հայապահպանութեան, լեզուի ու մշակոյթի քարոզչութեան նպատակով ի գործ դրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ։ Կարեւոր նկատուած է յատկապէս երիտասարդութեան մէջ հայրենաճանաչողութեան միտուած ծրագիրներու իրականացումը: