
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը ողջունեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իրաւաբան Զարեհ Սինանեանի որոշումը:
Սինանեան հրաժարեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան մէջ գանձապահի իր պաշտօնէն եւ Հինգշաբթի, Յունուար 10ին պաշտօնապէս սկսաւ իր ընտրապայքարին: Ան աւելի քան երկու տարի է, որ անդամ էր սոյն վարչութեան: Նախապէս ան նաեւ Կլենտէյլի ու Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեանց անդամ եղած է:
«Զարեհ Սինանեան տարիներէ ի վեր իր սպասարկութիւնները տրամադրած է Հայ Դատի յանձնախումբին ու հայկական համայնքին: Մինչ անոր հեռացումը կորսուտ մըն է մեր կազմակերպութեան, լաւապէս կը հասկնանք իր որոշումը ու նեցուկ կը կանգնինք անոր՝ հաւատալով, որ Կլենտէյլի քաղաքացիները բախտաւոր են, որ նման նուիրուած հանրային սպասարկու մը որոշած է մասնակցիլ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան համա-ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
«Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ իմ գործունէութեան շնորհիւ՝ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեցի, ինչ որ նպաստեց հասունացմանս: Անհաւատալիօրէն նուիրուած՝ խումբ մը անձերու հետ գործակցութիւնս մեծապէս օգտակար եղած է ինծի. շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց, որոնք որոշած են նեցուկ կանգնիլ Կլենտէյլի բնակչութեան սպասարկելու որոշումիս», կը յայտնէ Զարեհ Սինանեան:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 2ին: Սինանեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ընտրապայքարի կայքէջը՝ www.facebook.com/ZarehSinanyanForGlendaleCityCouncil?ref=ts&fref=ts հասցէով: Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութեանց համացանցային կայքին հասցէն է՝ www.glendalevotes.org: