ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Նախորդ տարի «Գարուն» ամսագիրը նշեց իր հիմնադրութեան 50ամեակը. իր գոյութեան տարիներուն հարիւր հազար տպաքանակ սպառելով՝ ամսագիրը մեծ դերակատարութիւն ունէր Հայաստանի ոչ միայն գրական-մշակութային, այլեւ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, իսկ այսօր կը տպագրուի 500 օրինակ, որմէ լաւագոյն պարագային կը սպառի 50 օրինակ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ամսագիրի վերջին 12 տարիներու խմբագիր Վարուժան Այվազեան յայտնած է, որ «Գարուն»ը կը գոյատեւէ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ տարեկան դրութեամբ յատկացուող 2 միլիոն դրամով: «Դա բաւարարում է միայն տպագրական ծախսերը հոգալուն. ամսագիրն այսօր անգամ խմբագրակազմ չունի»:
«Գարուն»ի նախկին խմբագիր, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը «Ազատութիւն» կայանին յայտնած է, որ ամսագիրը ժամանակին շատ մեծ դեր խաղաց գրական ճաշակի ձեւաւորման եւ հասարակական համախմբման գործին մէջ. ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն, հաւանաբար, կարելիութիւն կը ստեղծուի միջոցներ հայթայթելու եւ կազմակերպելու ամսագիրի վերազարթօնքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.