ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մեծ Պահքը պիտի սկսի 11 Փետրուարին, «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեանը: Մեծ պահքը կը տեւէ 48 օր՝ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Սուրբ Յարութեան (Զատիկի) տօնի նախօրէն: Պահքին ընթացքին մարդիկ բացառապէս կը սնանին բուսական սննդամթերքով: Այդ շրջանին մարդիկ կը հրաժարին ո՛չ միայն որոշ կերակուրներէն, այլ նաեւ մոլի սովորութիւններէն, շատախօսութենէն, ստախօսութենէն, հայհոյանքէն եւ այլ մեղքերէ:
Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «հոգիին կողմէ անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձութեան ենթարկուեցաւ սատանայէն: Չկերաւ ու չխմեց այն օրերուն» (Ղուկ. 4:1-3): Յիսուս ծոմապահութեան դիմեց՝ մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն ինք ապաշխարեց, որպէսզի բոլոր պահեցողութիւն կատարողներուն ապաշխարանքը իմաստ եւ իրականութիւն ստանան շնորհիւ իր ծոմապահութեան: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահքի շաբաթ մը եւս՝ Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ: Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օրեր՝ Բուն բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:
Պահքերուն (բացառութեամբ օրապահքերուն) նախորդ օրերը կը կոչուին «բարեկենդան», իսկ Մեծ Պահքին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանը: Բարի կենդանութիւն, այսինքն՝ բարի, անհոգ եւ երջանիկ կեանք. այս իմաստը կ՛ամփոփուի «բարեկենդան» անունին մէջ, որ առաւելագոյնս արտայայտուած կը տեսնենք Բուն Բարեկենդանի խորհուրդին մէջ, որ Մեծ Պահքի առաջին Կիրակին է եւ կը պատկերէ մարդուն դրախտային երանաւէտ կեանքը: Այս խորհուրդը կը ցոլայ նոյնիսկ այդ օրուան կերակուրներուն մէջ, քանի որ Բուն Բարեկենդանը կենդանական եւ ճոխ ուտելիք սպառելու վերջին օրն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.