
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունուար 18ին, առնուազն 12 քաղաքացիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ուժգին պայթում մը քանդեց սուրիական բանակի հակակշիռին տակ գտնուող Հալէպի թաղամասերէն մէկուն մէջ բնակարանային շէնք մը:
Պետական աղբիւրներու համաձայն՝ «ահաբեկիչներ» ռմբակոծած են շէնքը, որ կը գտնուի Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, սակայն ընդդիմութիւնը յարձակումին պատասխանատու համարեց Սուրիոյ իշխանութեան համակիր ուժերը: Ուրբաթ օր զինեալներ յարձակած են նաեւ հարաւային Տարաա քաղաքի մզկիթներէն մէկուն դիմացը կանգնած քաղաքացիներու վրայ՝ «զոհեր եւ վիրաւորներ» պատճառելով, սակայն անոնց թիւը յստակ չէ տակաւին:
Նոյն օրը, զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Դամասկոսի Եարմուք պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ՝ առնուազն 12 զոհ ու 20 վիրաւոր պատճառելով: Իսկ ընդդիմութեան աղբիւրները հաղորդած են, թէ Հոմսի մէջ տեղի ունեցած է ջարդ մը, որուն զոհ գացած են 106 քաղաքայիններ:
Նաեւ, Թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Ուրբաթ օր թրքական հիւանդանոցի մը մէջ մահացած է ֆրանսացի լրագրող մը, որ մէկ օր առաջ վիրաւորուած էր Հալէպի մէջ:
Միւս կողմէ, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր յայտնեց. «Ան, որ մտավախութիւն չունի, թէ Սուրիա կրնայ մասնատուիլ, իրապաշտ չէ՛»՝ աւելցնելով սակայն, թէ «մասնատման գիծերը տակաւին չկազմուեցան եւ հարցերը հոն չեն հասած»: Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը այնքան մը վատթարանայ, որ հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ Յորդանան փորձեն մտնել, ապա Ամման պիտի կասեցնէ անոնց մուտքը: «Յորդանան պիտի դիւրացնէ զանոնք սուրիական հողերէն ներս յատուկ գօտիներու վրայ հաստատելու աշխատանքը», ըսաւ ան: