
ՊՈԼԻՍ.- Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Պապ Տեքերթ, Կիրակի, 13 Յունուարին, ժամը 14:20ին այցելեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը եւ ընդունուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Ս. արք. Աթէշեանի կողմէ: Այցելութեան մասնակցեցան քաղաքացիական նախարարի գլխաւոր օգնական Քրիսթոֆըր Մահոն, Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քենի եւ Պոլսոյ մէջ Գանատայի աւագ հիւպատոս Շոուըն Սթէյլ:
Տեքերթ յայտնեց, թէ Պոլիս այցելութեան առթիւ, փափաքած է այլ համայնքներու նման այցելել նաեւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը՝ Պատրիարքական աթոռը, եւ ծանօթանալ հայ համայնքին: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին, ան հարցումներ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքի վիճակին մասին:
Արամ Ս. արք. Աթէշեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրին ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին: Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց Տեքերթի այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան: Մէկ ժամ տեւած այցելութեան աւարտին, մեծայարգ հիւրն ու ընկերակիցները հրաժեշտ առին պատրիարքարանէն: