16 Յունուարին Փարիզի հեղինակաւոր «Կաւօ» երաժշտական կեդրոնին մէջ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանիի տակ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի աջակցութեամբ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Հարիւր համերգ հարիւրամեակին» համերգաշարի առաջին համերգը:
Երաժշտասէրներով լեցուն դահլիճին մէջ իրենց կատարողական վարպետութիւնը դրսեւորեցին պարիթոն-պաս Մուրատ Ամիրխանեանը, սոփրանօ Կարինէ Բաբաջանեանը, դաշնակահարներ Դանա Չոկարլին եւ Վարդան Մամիկոնեանը:
Համերգի ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Մոցարթի, Բաբաջանեանի, Շուպըրթի, Լիսըի, Պիզէի, Պելինիի, Պուչինիի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները:
Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ֆրանսայի հայ համայնքի անդամներ եւ այլն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.