
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄի) ԱՄՆի Ա-րեւմտեան շրջանը նախաձեռնած է իր երկրորդ Ձմեռնային հրաշալիքներու փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 25 Յունուարէն Կիրակի, 27 Յունուար 2013ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204:
Փառատօնի ընթացքին մասնակիցներուն պիտի տրամադրուին 26 թոն առատ ձիւն եւ սահնակներ: Մանուկներու յատուկ զուարճալի հեծապտոյտի (ride) խաղեր եւս տրամադրելի պիտի ըլլան բոլոր տարիքներուն համար (ներառեալ՝ Ferris Wheel եւ Super Slide): Շրջանի առեւտրականներու կողմէ բազմաթիւ կրպակներու մէջ պիտի վաճառուին զանազան իրեր: Իսկ ՀՕՄուհիները, իրենց իսկ պատրաստած համադամ ճաշերով, պիտի հիւրընկալեն մասնակիցները: Ուրախ մթնոլորտը առաւել խանդավառելու հեռանկարով՝ պիտի հրամցուի Կենդանի երաժշտութիւն:
Մուտքի սակը մէկ օրուան համար երեք տոլար է, երկու օրուան համար՝ հինգ տոլար, իսկ երեք օրուան համար՝ վեց տոլար: Ձիւնի եւ խաղերու մասնակցութիւնը առանձին վճարումներ ունին:
Փառատօնի ժամերն են՝
* Ուրբաթ, 25 Յունուար 2013, կէսօրէ ետք ժամը 4-10.
* Շաբաթ, 26 Յունուար 2013, կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10.
* Կիրակի, 27 Յունուար 2013, կէսօրէ ետք ժամը 2-6:
Փառատօնին հասոյթը պիտի տրամադրուի տեղական եւ միջազգային ծրագիրներու, որոնք կը նպաստեն անհատներու եւ համայնքներու կարիքներուն:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, նաեւ հոգեբանական կեդրոն մը, եւ կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի
www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: