
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Փետրուար 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկ Համբարձումի երկու կարճ շարժապատկերներու՝ «Միրհաւ»ի ու «Մեծարենց»ի ցուցադրութիւնը:
«Միրհաւ»ը՝ (17 վայրկեան) հիմնուած է Աքսէլ Բակունցի նոյնանուն կարճ պատմուածքին վրայ, իսկ «Մեծարենց»ը (33 վայրկեան) ժամանակակից պատմութիւն մըն է Վահագին մասին, որ Մեծարենցի դերը կը ստանձնէ թատերական գործի մը մէջ:
Ձեռնարկը հովանաւորուած է գրադարանի Արուեստ եւ մշակոյթ բաժանմունքին եւ Գրադարանի բարեկամներուն կողմէ:
Ֆիլմերը հայերէնով են՝ անգլերէն թարգմանութեամբ: Մուտքը ազատ է:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard Street, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-3288 թիւին: