
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 18 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ արցախեան ազատագրական պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներուն ընտանիքներուն եւ հաշմանդամ ազատամարտիկներուն բնակարանային հարցերը լուծելու նպատակով այս տարի պիտի յատկացուի 3 միլիառ դրամ: Անոր համաձայն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ հաշմանդամ ազատամարտիկներու ընկերային հարցերու լուծման:
Հիմնականօրէն պիտի վերականգնուի բնակարաններու ձեռքբերման կամ վերանորոգութեան համար յատկացումներ կատարելու դրութիւնը: 2013ին նման աջակցութիւն ստացողներուն ցանկին մէջ ներառուած է 400 հոգի:
Աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի նաեւ արցախեան պատերազմի այն մասնակիցներուն, որոնք չեն վիրաւորուած: «Մենք դիմում ենք նաեւ այլ գերատեսչութիւնների, որպէսզի աջակցենք նախկին ազատամարտիկներին աշխատանքի տեղաւորելու հարցում: Նրանց, ովքեր ցանկանում են պայմանագրային ծառայութեան անցնել սահմանապահ ստորաբաժանումներում, նախատեսուած են յատուկ արտօնութիւններ», նշած է նախարարը: