ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ լոյս տեսած է լրագրող, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ ու սեւ. արցախեան օրագիր» գիրքին թրքերէն տարբերակը: Հեղինակին այս աշխատութիւնը 2008 թուականի Օգոստոսէն ի վեր ունեցած է եօթը հրատարակութիւն՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն (մեսրոպեան ուղղագրութեամբ), ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն լեզուներով: Թրքերէն հատորին թարգմանիչը եւ խմբագիրը Տիրան Լոքմագեօզեանն է:
Թարգմանական եւ տպագրական ծախսերը հոգացած է լիբանանահայ գործարար եւ բարերար Մելքոն Յակոբեանը՝ հատորը նուիրելով իր մեծ հօր՝ Մելքոն (Չաւուշ) Յակոբեանի յիշատակին, որ 1915 թուականին նահատակուած է Սեբաստիոյ մէջ, Արեւմտահայաստան: Գիրքը լոյս ընծայած է «Լուսակն» հրատարակչութիւնը: Թրքերէն հատորին առաջին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 22 Յունուարին, թուրք յայտնի հրատարակիչ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի մասնակցութեամբ: Այս տարի կ՛ամբողջանայ Արցախեան շարժման 25ամեակը, սակայն առաջին անգամն է, որ Արցախի պատմութեան, պատերազմին ու բանակցային գործընթացին մասին համապարփակ աշխատութիւն լոյս կը տեսնէ թրքերէնով՝ հայ հեղինակի մը կողմէ։
«Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան, հայերի եւ ադրբեջանցիների միջեւ դառը, ողբերգական անցեալի, 1991-1994 թթ. արիւնալի պատերազմի, հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի մասին թուրք ընթերցողը միշտ էլ հնարաւորութիւն է ունեցել տեղեկանալ, այդ թւում՝ ադրբեջանական աղբիւրներից: Ես չեմ յաւակնում ճշմարիտ պատմիչի տիտղոսին, սակայն փորձել եմ հնարաւորինս անկողմնակալ լինել: Յաջողուել է՞ դա ինձ: Այս հարցի պատասխանը, անգամ եթէ ինձ համար տհաճ լինի, պիտի տան ընթերցողը եւ ժամանակը», թրքերէն հատորի նախաբանին մէջ գրած է Թ. Յակոբեան: Թարգմանութեան ընթացքին որոշ հատուածներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներքաղաքական վիճակին, ինչպէս նաեւ պատերազմին չառնչուող այլ մանրամասնութիւններ, կրճատուած են, որպէսզի թուրք ընթերցողը աւելի սահուն կարդայ գիրքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.