ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».– Ռուսիան կը շարունակէ «Համերկրացիներ» ծրագիրը: Նախորդ տարուան Նոյեմբերին յայտարարուեցաւ, որ ծրագիրը ժամանակաւորապէս դադարեցուած է՝ մինչեւ այս տարուան 10 Յունուար:
Ռուսիոյ գաղթականութեան ծառայութեան երեւանեան գրասենեակէն «Լրագիր»ին հարցումին պատասխանելով՝ յայտնած են, որ ծրագիրը կը շարունակուի, ուզողները կրնան դիմել աշխատանքային օրերուն: Արդեօք ի՞նչ տեղի ունեցած է ժամանակաւոր դադարի ժամանակ, դժուար է ճշդել, սակայն ռուսական կողմը փաստօրէն կը շարունակէ այս ծրագիրը, թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնը դէմ արտայայտուած է անոր:
Այս ծրագիրով ռուսական կողմը Ռուսիոյ մէջ աշխատանք ու բնակարան կ՛ապահովէ Հայաստանի քաղաքացիներուն: Նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, երբ Ռուսիոյ նախագահին հրամանագիրով ծրագիրը ընդլայնուեցաւ եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն կարելիութիւն տրուեցաւ իրենց ընտանիքներով մեկնել Ռուսիա, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, որ ծրագիրի այդ չափանիշներով իրագործումը անթոյլատրելի է: Այնուհետեւ հարցը քննարկուեցաւ Հայաստանի մէջ կայացած հայ-ռուսական տնտեսական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, որուն ընթացքին արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, թէ Ռուսիա չի կրնար հակառակ մեր կամքին ծրագիր իրականացնել Հայաստանի մէջ։
Այս յայտարարութենէն ամիսներ անցած են, իսկ ծրագիրը, ըստ երեւոյթին, բարեյաջող կերպով կը գործադրուի: Քիչ չեն այս ծրագիրէն օգտուիլ ուզողները, ամէն օր Ռուսիոյ գաղթականութեան ծառայութեան երեւանեան գրասենեակին դիմաց շարքեր կը կազմուին: Իսկ Հայաստանի պատասխանատու նախարարութիւնները կը շարունակեն լռել եւ չմեկնաբանել, թէ ի՛նչպէս կրնայ ըլլալ, որ Ռուսիա՝ Հայաստանի կամքին հակառակ, Հայաստանի մէջ ծրագիր կ՛իրականացնէ:
Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանը մեր հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնեց. «Զերծ եմ մնում մեկնաբանութիւններից»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.