ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը նախանշող երդման արարողութիւնը պատմական իրադարձութեան մը պսակով փառաւորելու ամէն ճիգ թափուած էր: Թէ՛ կազմակերպուած հանդիսութիւնները եւ թէ մանաւանդ նախագահին ճառով արտայայտուած յանդուգն կեցուածքները պէտք է ապահովէին այդ պսակը:
Ինծի համար, սակայն, այս օրուան խորհուրդը այլ ձեւով ընկալուեցաւ: Ահա քաղաքական գործիչ մը, որուն հանդէպ միլիոնաւոր ամերիկացիներ մեծ յոյսեր կապեցին՝ երկրին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու ակնկալութեամբ, որ սակայն, անցնող չորս տարիներուն, իր գործունէութեամբ աւելի շատ հաշուենկատ քաղաքական գործիչի պատկերացումը ամրապնդեց մեր մէջ, քան՝ տեսիլքի տէր ղեկավարի:
Արդարեւ, նախագահ Օպաման պարզապէս իր երկրորդ անգամուան ընտրութիւնը ապահովելու սիրոյն, կոպտօրէն սակարկեց ճշմարտութիւն ու մարդկային սկզբունքներ:
Հիմա, այս երկրորդ շրջանը սկսող իր ճառով, նախագահ Օպամա կը փորձէ ինծի նմաններուն հաւատացնել, թէ ինք իսկապէս տեսիլք ունեցող ղեկավար է եւ պատրաստ է մինչեւ վերջ հետապնդելու այն բոլոր սկզբունքները, որոնց մասին ակնարկած էր իր առաջին նախընտրական արշաւին:
Թոյլ տուէք վերապահութեամբ ընդունինք այս յայտարարութիւնը եւ այնքան ալ պատմականութեամբ չփառաւորենք նախագահական երդումի հանդիսաւորութիւնները, յատկապէս՝ մատուցուած ճառը: Ինչո՞ւ: Պարզ այն պատճառով, որ երէկ, ինչ որ հաշիւով մը զիջում կատարողը, վաղը դարձեալ կրնայ արդարացնել նորանոր զիջումներ:
Թող նախագահ Օպաման Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը կատարէ. վստահ եղէ՛ք, այն ատեն մենք տրամադիր կ՛ըլլանք հաւատալու իր նոր խոստումներուն ու պատմականութեան բարձրագոյն պսակով փառաւորելու իր կառավարման իւրաքանչիւր օրը: