ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 22ին Թուրքիոյ խորհրդարանին պաշտօնական դիմում կատարեց՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան շուրջ խորհրդարանական հետաքննութիւն մը կատարելու նպատակով:
Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանը վերջերս հասած էր այն եզրակացութեան, որ Տինքի սպանութեան ետին կար կազմակերպութիւն մը, ինչ որ դուռ բացաւ նոր դատավարութեան մը առջեւ, որ կրնայ բացայայտել իսկական ոճրագործները:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկին, վերջերս, երբ կը խօսէր Հրանդ Տինքի համար «Արդարութեան պահանջ ունինք» կոչուած խմբաւորումի ներկայացուցիչներուն հետ, ըսաւ, որ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը հիմա ծայրէն ու կրկին պէտք է կատարուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.