ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Պիանեթ».- Շաբաթ, Յունուար 19ին, «Մէյտան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ «Հրանդին ընկերները կը խօսին 1915ի մասին» նիւթով համաժողովը, որուն հանդիսավարն էր ակադեմական Սիպել Էօզպուտուն։ Էօզպուտու իր բացման խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ հայերու դէմ ցեղասպանական մտայնութիւնը կը շարունակուի։ Ան յիշեցուց, որ ֆութպոլի մրցումներու ընթացքին ոտքի չելլողներուն «Դուք հայ էք» ըսուած է, իսկ Խոջալուի ցոյցին ընթացքին «Բոլորդ ալ հա՛յ էք, բոլորդ ալ ապօրէն զաւակ էք» ըսուած է։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ սպանդի մտայնութիւնը տակաւին կը շարունակուի։
Համաժողովին մասնակցեցան բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու քիւրտ, թուրք, հայ մտաւորականներ։
Էօզպուտունէն ետք ելոյթ ունեցաւ ընկերաբան-գրող Իսմայիլ Պեշիկճի, որ պնդեց, թէ այս հողերուն բուն տեղացիները հայերն ու քիւրտերն են, իսկ թուրքերը եկուոր են։ Թուրքերը հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործեցին, հայերէ առնուած ապրանքները քիւրտերուն տուին ու «Դուք թուրք էք» ըսին անոնց, շետեց Պեշիկճի։
Համաժողովին ընթացքին, ներկաներէն ոմանք խօսք ուզեցին ու ելոյթներ ունեցան։ Գրող Ֆիքրեթ Պաշքայա ըսաւ, որ սպանդներուն գլխաւոր պատճառն է «սրբազան պետութիւն» ըմբռնումը։ Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական պատմութիւնը սխալ է։
Ակադեմական Պասքըն Օրան, իր կարգին ըսաւ, որ Հրանդ Տինք լաւ կը ճանչնար թէ՛ հայերը, թէ՛ թուրքերը։ «Տինք կրցաւ ախտաճանաչել թուրքերուն «փարանոյա»ն եւ հայերուն վէրքերը։ Հրանդ կ՛ուզէր, որ այս հարցը լուծուի առանց երրորդ կողմերու միջամտութեան», նշեց Օրան։
Նոյն օրը, տասնեակ հազարաւորներ հաւաքուեցան նաեւ «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ, ուր անոնք ոգեկոչեցին Հրանդ Տինքը, սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առթիւ։ Հակառակ աննպաստ օդին ու անձրեւին, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, հովանոց բացած՝ եկած էին ցոյց տալու համար իրենց միասնութիւնը Տինքի ընտանիքին հետ։
Շիշլիէն մինչեւ Օսմանպէյ, ինքնաշարժներու երթեւեկը կասեցուած էր, մինչ բազմութիւնը Շիշլիէն քալեց մինչեւ «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Հանրահաւաքին մասնակցողները կը կրէին վերտառութիւններ, ինչպէս՝ «Մենք հոս ենք աղբարիկ», «Մինչեւ մենք վերջացաւ չըսենք, չի՛ վերջանար», «Բոլորս Հրանդ ենք», «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ», եւ այլն։ Հանրահաւաքին մասնակցած էր նաեւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սեպահաթ Թունճել։ Ունկնդրուեցան թրքերէն ու հայերէն երգեր ու եղան ճառախօսութիւններ։ Յուզիչ էր ելոյթը՝ Հրանդի կողակից Ռաքել Տինքին: Ան յոյս յայտնեց, որ ամբողջ ճշմարտութիւնը օր մը երեւան պիտի հանուի։ «Արդարութեան համար է, որ հոս ենք. հոս ենք, որպէսզի իրարու պատմենք մէկզմէկու պատմութիւնը, որպէսզի հասկնանք զիրար», ըսաւ Ռաքել Տինք։
Կիրակի օր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի գերեզմանին առջեւ։
«Իրապէս օր մը երեւան պիտի հանուի՞ն այն գլխաւորները, որոնց ցուցմունքով ու դրդումով կազմակերպուեցաւ Հրանդ Տինքի դէմ մահափորձը։ Մէկ բան յայտնի է. այս ոճիրին ետին անպայման մութ խորհուրդ մը կայ, ինչպէս որ կայ բոլոր այն ոճիրներուն ետին, որոնց հեղինակները ցարդ անյայտ կը մնան», կը գրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.