
Դեսպան Համլէտ Գասպարեան՝ Ռումանիոյ նոր կառավարութեան անդամներուն հետ ունենալիք հանդիպումներուն ծիրին մէջ, 18 Յունուարին առաջին անգամ տեսակցած է ելեւմուտքի նախարար Վարուժան Ոսկանեանի հետ:
Հանդիպումը կայացած է ջերմ եւ գործնական մթնոլորտի մէջ. դեսպանը Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհաւորած է ռումանահայ նախարարին նշանակումը եւ յոյս յայտնած է, որ Ոսկանեան իր այս կարեւոր դիրքին բերումով կը նպաստէ հայ-ռումանական միջպետական կապերու առաւել զարգացման եւ ամրապնդման:
Զրոյցին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են տնտեսութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ամրապնդումը, քննարկուած են փոխգործակցութեան առկայ ձեւաչափերը եւ ուրուագծուած են հեռանկարները: Նկատի ունենալով, որ Ռումանիոյ նոր կառավարութեան կազմին մէջ այսուհետեւ Ոսկանեանը պիտի գլխաւորէ հայ-ռումանական առեւտրատնտեսական եւ գիտաարհեստագիտական միջկառավարական յանձնաժողովը, զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են 2011ի Մարտին կայացած միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 3րդ նիստի ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն, առաջադրուած ծրագիրներով՝ այս տարի 4րդ նիստը գումարելու նախատեսութեամբ։
Համագործակցութեան կարելիութիւններու առումով, լուսարձակի տակ առնուեցան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ 2011ի Սեպտեմբերին Պուխարեսթ տրուած այցելութեան ընթացքին ներկայացուած առաջարկները, որոնք կը վերաբերին տնտեսութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան, առողջապահութեան, դեղագործութեան, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն:
Երկու երկիրներուն միջեւ առկայ տնտեսական աշխոյժութիւնը գնահատելով ոչ բաւարար եւ առկայ կապերը՝ ցած մակարդակի, զրուցակիցները կարեւոր նկատած են փոխգործակցութեան խթանման նպատակով նոր քայլերու ձեռնարկումը՝ տարբեր ձեւերով եւ զանազան բնագաւառներուն մէջ։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ միջազգային տնտեսական կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն։