ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- «Ազգ» թերթին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Երուսաղէմի Հայոց վանքին մէջ մեկնարկող պատրիարքական ընտրութիւններու նախօրեակին, հնարաւոր դարձած է համախոհութիւն ստեղծել թեկնածուներէն՝ Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանի շուրջ, նկատի ունենալով անոր փորձն ու կապերը միջազգային յարաբերութիւններու գետնին վրայ, պայմանաւորուած՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի ներկայացուցիչի եւ նախապէս Ուաշինկթընի մօտ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի իր հանգամանքով:
Յիշեցնենք, որ առայժմս 4 եկեղեցականներ թեկնածու են պատրիարքական աթոռին. պատրիարքական տեղապահ Արիս արք. Շիրվանեան, լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան, Բաբգէն Ծ. վրդ. Անուշեան եւ Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.