
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն աղբիւրներ յայտնած են, որ «Եւրատեսիլ 2013»ի մրցումին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ռոք երգիչ Գոռ Սուջեանը:
Յառաջիկային այս մասին արդէն պաշտօնական հաղորդագրութիւն պիտի հրատարակուի: Եւրատեսիլի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանը «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ո՛չ հերքեց, ոչ հաստատեց այդ տեղեկատուութիւնը, այնուամենայնիւ, խոստանալով այդ մասին ճշգրիտ ու հաստատ տեղեկութիւն ունենալու պարագային փոխանցում կատարել։
Միւս կողմէ, Գոռ Սուջեան «Թերթ»ին հետ զրուցելով յայտնած է, որ տակաւին յստակ չէ մասնակցութեան պարագան, սակայն շուտով ամէն ինչ յստակ կը դառնայ։
Նշենք, որ նախապէս խօսուած էր նաեւ Սիրուշոյի մասնակցութեան կարելիութեան մասին, որուն անդրադարձած էր նաեւ Եւրատեսիլի պաշտօնական կայքէջը՝ Eurovision.tv-ն։
Նշենք նաեւ, որ Գոռ Սուջեանը վերջերս «Մենք ենք մեր հայերը» յայտագիրը ամանորեայ յատուկ ծրագիրին ընթացքին յայտարարած էր, թէ «Դորիանս» խումբի պառակտման մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, իրենք պարզապէս ժամանակաւոր դադար առած են։