ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ըընթացքին յայտնած է, որ 23 Յունուարին գերի ինկած զինուորականներու խումբին մէջ կար զինուորական ծառայութիւն կատարող հայ երիտասարդ մը՝ Յակոբ Թուջեանը:
Անոր համաձայն, ընդդիմադիր ուժերը յայտարարած են, որ գերիները պիտի հարցաքննուին, անկէ ետք «պիտի առանձնացուին յանցաւորները եւ պիտի պատժուին, ըստ յանցանքին տարողութեան»:
Ժիրայր Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ 22 Յունուարի գիշերը Հալէպի մէջ կացութիւնը որոշ չափով հանդարտ էր, չկային ռմբակոծութիւններ եւ բախումներ, որոնք բուռն էին նախանցեալ գիշեր։
Միւս կողմէ, «Սուրիական օդանաւային ընկերութեան» երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յովհաննիսեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Երեւան-Լաթաքիա-Երեւան թռիչքները շարունակական պիտի ըլլան։ Դէպի Լաթաքիա յաջորդ թռիչքը պիտի կատարուի 29 Յունուարին։ «Կայացել է նաեւ դէպի Լաթաքիա Յունուարի 22ին նախատեսուած չուերթը, որի ժամանակ մեկնել են 23 ուղեւոր, իսկ ժամանել՝ 55ը», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ դէպի Հալէպ թռիչքներուն մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.