
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրախումբը 19 Յունուարին մեկնեցաւ Գերմանիա: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ խումբի հրամանատար, զօր. Արթուր Սիմոնեանը: 65 զինուորներէ բաղկացած խաղաղապահ ուժերու նոր խումբը Փետրուարի առաջին կէսին պիտի ուղղուի Աֆղանիստան՝ Գունտուզ նահանգի օդակայան, ուր պիտի կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։ Հոն գտնուող հայ խաղաղապահները հայրենիք կը վերադառնան՝ Աֆղանիստան մեկնած խաղաղապահներու նոր զօրախումբին հետ տասը օր ծառայութիւն կատարելէ ետք։