ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քանի մը օր առաջ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած Նազարէթ Չարքեանը ազատ արձակուած է։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է դամասկոսաբնակ Նազարէթ Էլմաջեանը՝ աւելցնելով, որ Չարքեանը ազատ արձակուած է համապատասխան փրկագինի վճարումէն ետք։ Տակաւին յստակ չէ, թէ որքան գումար վճարուած է, սակայն անիկա սկիզբը յայտարարուած 500 հազար տոլարէն նուազ է։
Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ հանդարտ է, բախումները կը շարունակուին մօտակայ գիւղերուն մէջ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Տարիա գիւղի մօտակայքը կառավարական ուժերը ոչնչացուցած են զինեալներու պատկանող ինքնաշարժներ, որոնք կ՛օգտագործուէին զէնքեր տեղափոխելու համար: Տումա գիւղի ագարակներուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին մեծ թիւով զինեալներ սպաննուած եւ վիրաւորուած են, գրաւուած են անոնց զէնքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.