
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Եեքշաբթի, 22 Յունուար 2013ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով գրական երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Գեղանի Էթիէմեզեան, որ «Խենթ գիշերներու թափառումներ»ը նկատեց մեծ ծրար մը ընդհանրապէս բողոքի նամակներու՝ արձակ բանաստեղծութեան հագուստով պաճուճուած, ինչպէս նաեւ ներդրում մը հեղինակէն՝ «բան»ին ու «գեղեցիկ»ին բագինին վրայ՝ «Հայ գիրքի տարուան» եւ գրատպութեան 500ամեակին առիթով: Ապա ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին 3 բաժիններուն՝ մէջբերումներ կատարելով հեղինակին բանաստեղծութիւններէն:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ժիրայր Դանիէլեան, որ իր կարգին խօսելով Խաչիկ Տէտէեանի նոր հատորին մասին ըսաւ, որ Տէտէեան իր բանաստեղծութիւններով աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ներկայ է մեր գրական հանդէսներուն եւ օրաթերթերուն մէջ: Ան խօսեցաւ Տէտէեանի լոյս ընծայած 3 գիրքերուն խորագիրներուն մասին՝ շեշտելով, որ հեղինակը սանձարձակութիւններու մարդը չէ, այլ՝ նոյնիսկ սիրային բնոյթի քերթուածներուն մէջ բանաստեղծը զուսպ է, խոհերը տիրապետող են իր գործերուն մէջ, լեզուն պարզ է, իսկ միտքերը՝ յստակ:
Շուշիկ Տասնապետեան իր կարգին ուղղեց իր սրտի խօսքը: Տասնապետեան յայտնեց, որ հեղինակ Խաչիկ Տէտէեանի այս գիրքը «ժամանակակից լիբանանահայ գրականութեան այլապէս կիսամեռ կացութեան մէջ նոր յոյսով եւ նոր հաւատքով մը կը զինէ մեզ՝ գրականութեան բոլոր խենթերս»:
Տասնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Տէտէեանը գաղափարներու եւ զգացական պահերու բանաստեղծ է, եւ այս բոլորը բառի ճշդագոյն օգտագործումի մը ընդմէջէն մաքրամաքուր հայերէնի կիրարկումով:
«Տէտէեան ըսելիք ունեցող մարդն է, կեցուածքի տէր մարդ անհատը, որ անտարբէր չէ բանի մը նկատմամբ: Կը խոկայ, կը զգայ, կը յիշէ, կը յուզուի, կը պոռթկայ, կը թելադրէ, ան երբեք խուլ չէ իր ներքին ձայներուն նկատմամբ», ըսաւ Տասնապետեան եւ իր խօսքը փակեց ըսելով. «Թող հայ գրականութեան աստուածը ընդմիշտ հովանի ըլլայ քեզի»:
Դոկտ. Երուանդ Քասունի եւս այս առիթով փոխանցեց իր սրտի խօսքը յայտնելով, որ Խաչիկ Տէտէեան բանաստեղծը կրողն է մարդ եւ լիբանանցի հասկացողութեան:
Սրտի խօսքերէն ետք օրուան բանախօսները կատարեցին ա-ւանդական գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ հեղինակ Խաչիկ Տէտէեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրուան բանախօսներուն, իր կնոջ ու զաւակներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ մաղթելով, որ բոլորն ալ մասնակից դառնան մշակոյթի վերելքին նպաստող նախաձեռնութիւններուն:
Հաճեցէք սրբագրել այս սխալ տեղեկութիւնները: Անունս Տէտէեան է Գրքիս անունը’ Խենթ Գիշերներու Թափառումներ է ոչ’ ու_ի: Գինեձօնը կը գրեն օ_ով:ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՃԻՇԴ Է: Շնորհակալութիւն: