
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կարիքը ունի գործադիր տնօրէնի մը ամերիկեան ցամաքամասի իր վարչական գրասենեակին համար: Գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:
ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
– Հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող պարտականութիւններ.- նուիրատուներու մասին տեղեկութեան շտեմարանի պատրաստութիւն, տեղեկատուական գրականութեան ցրւում՝ հաւանական նուիրատուներու, հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ ժողովներու կազմակերպում, հիմնադրամներու գոյացման ծառայող կայքէջի մը ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Նիւթական աջակցութեան ապահովում պետական հաստատութիւններէ, հիմնարկներէ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէ:
– Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալում ամերիկեան ցամաքամասին մէջ.- բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներու եւ մշակութային-գեղարուեստական տարածաշրջանային շրջագայութիւններու կազմակերպում, կազմակերպական նպաստ՝ մշակութային-գեղարուեստական փոխանակումներու ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Սփիւռքի այլ հայ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի տեղեկատուի հրատարակում եւ ցրւում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի կայքէջի ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:
– Ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի կառավարում, որ կը ներառէ կազմակերպչական աշխատանքներ, անհրաժեշտ տեղեկութեանց մէկտեղում, արխիւային դասաւորումներ եւ հաշուակալութիւն:
ԹԵԿՆԱԾՈՒԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՅԱՏԿԱՆԻՇԵՐ
– Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկայական, նախընտրաբար Հիմնադրամներու Գոյացման Կառավարման (Fundraising Management), Ոչ-հասութաբեր Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման (Nonprofit Management), Մարդասիրական Ուսմունքի (Philanthropic Studies) կամ համարժէք համալսարանական ճիւղերու մէջ:
– Մեծապէս փափաքելի է փորձառութիւնը հիմնադրամներու գոյացման կառավարման, ոչ-հասութաբեր ձեռնարկութիւններու կառավարման կամ մարդասիրական ձեռնարկութիւններու աշխատանքներու մէջ:
– Փայլուն կազմակերպչական հմտութիւն եւ բազմատեսակ աշխատանքային պահանջներու միջավայրի ու աշխատանքային պահանջկոտ պայմաններու մէջ գործելու ունակութիւն:
– Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու (գրաւոր եւ խօսակցական) տիրապետում:
– Յարաբերական եւ հաղորդակցական ունակութիւն: Ծրագիրներ յաջող կերպով ներկայացնելու կարողութիւն:
-MS Word, Excel, Power Point, Outlook եւ տեղեկութեանց շտեմարանններու ղեկավարման համակարգչային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ համացանցային ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան տիրապետում:
ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁ
Աշխատավարձը՝ մասնագիտութեան եւ փորձառութեան համեմատ:
Դիմումնագիրները ե-նամակով ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին, նիւթի տուփիկին (subject line) մէջ նշելով «Գործադիր տնօրէնի պաշտօն»:
Դիմումնագիրներու ընդունման վերջին թուական՝ Երեքշաբթի 30 Ապրիլ, 2013: Այս թուականէն ետք դիմումնագիրներ պիտի չընդունուին:
Պատասխան պիտի ստանան միայն տեսակցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող թեկնածուները: