ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Փասատինայի եւ Կլենտէյլի մասնաճիւղերուն, Փետրուար 22-24ին ժամանակակից հայկական արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ (Փասատինա):
«Ժամանակակից հայկական արուեստ-2013» խորագրուած ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի մասնաճիւղի երիտասարդական եւ մշակութային գործունէութեանց:
Այս ցուցահանդէսով ՀԲԸՄը կը ձգտի խրախուսել տաղանդաւոր հայ արուեստագէտներ, որոնք մասնագիտացած են իւղաներկի, խառն թեքնիքի, լուսանկարչութեան կամ քանդակագործութեան մէջ։ «Մեր նպատակն է, ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել հայ արուեստագէտներու հարուստ տաղանդը, միեւնոյն ատեն առիթ տալ մեր հասարակութեան՝ գնելու եւ վայելելու արուեստի այս բացառիկ արտայայտութիւնները», կը տեղեկացնէ Հայկ Մսրլեան՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետը։
«Մենք երախտապարտ ենք այս արուեստագէտներուն», կ՛աւելցնէ Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Խանճեան: «Անոնք յարմարագոյն գիներով կը ներկայանան մեզի՝ գիտակցելով այս ցուցահանդէսի ազնիւ նպատակին եւ սատարելու մասնաճիւղի երիտասարդական, մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներուն», կ՛աւելցնէ ան։
Ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին 14 տաղանդաւոր հայ արուեստագէտներ՝ տարբեր բնագաւառներէ ստեղծագործութիւններ ներկայացնելով հանրութեան: Պիտի ցուցադրուին Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Լիբանան, Հայաստան եւ Մեքսիքա հաստատուած արուեստագէտներու գործերը:
Մասնակցող արուեստագէտներն են՝ Ռուբէն Գրիգորեան, Հերմինէ Դեմիրջեան-Տեմիրօ, Ֆելիքս Եղիազարեան, Տիգրան Էքիզեան, Սուրէն Խորենեան, Փիթըր Կարապետեան, Մանուէլլա Կիրակոսեան, Սարգիս Համալբաշեան, Գագիկ Խազանչեան, Տիգրան Մատուլեան, Մարատ Մարգարեան, Կարլոս Սայադեան, Լիլիթ Սողոմոնեան եւ Կայծ Վանիկեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.