
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Գրիգոր Զօհրապի դստեր՝ Տոլորես Զօհրապ-Լիպմանի անուան հիմնադրամի հրատարակչական բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ նիւթապէս պիտի օժանդակէ հեղինակներու, որպէսզի հրատարակեն իրենց հատորները: Հիմնադրամը նկատի պիտի ունենայ հետեւեալ տիպի հրատարակութիւններ.
ա. Վարդապետական աւարտաճառեր՝ հայագիտական նիւթերու մասին.
բ. Հայ պատմաբաններու հեղինակած հայոց հին պատմութեան երկեր.
գ. 19րդ դարու եւ անկէ կանուխ շրջաններէ հայ գրականութեան երկեր:
Ներկայացուած աշխատասիրութիւնները կրնան ըլլալ հայերէն կամ անգլերէն: Եթէ գործ մը հայերէն է, ապա անոր պէտք է ընկերանայ անգլերէնով որակաւոր թարգմանութիւն:
Դիմումնագիրները կարելի է ներկայացնել ամէն տարի Ապրիլ 15 եւ Նոյեմբեր 15 թուականներէն առաջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ դիմումնագիրներու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝
Liebmann Fund-Publications, c/o Mr. M. Haigentz, 1518 11th Street, Forte Lee, NJ 07024: