
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանA Ճոն Հեֆըրնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ԱՄՆ ՄԶԳ) հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քարեն Հիլիարտը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն. ապա վարչապետին ներկայացուած է, ԱՄՆ ՄԶԳի կողմէ մշակուող Հայաստանի զարգացման օժանդակելու հնգամեայ ռազմավարութիւնը եւ անոր լոյսին տակ իրականացուելիք ծրագիրներն ու գործողութիւնները: Ճոն Հեֆըրնը նշած է, որ այսպիսով Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները կը թեւակոխեն համագործակցութեան նոր հանգրուան:
Քարէն Հիլիարտը տեղեկացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՛ուզէ Հայաստանի կառավարութեան հետ կնքել ժողովրդավարութեան եւ կառավարման բնագաւառներու ծրագիրներուն աջակցելու նոր համաձայնագիր, որ իր տեսակի մէջ բացառիկ պիտի ըլլայ Եւրոպայի եւ Եւրասիայի տարածաշրջանին մէջ: ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարը նշած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ կառավարման բնագաւառին տրամադրուելիք օժանդակութեան նպատակն է խթանել աւելի մասնակցային, արդիւնաւէտ եւ հաշուետուողական կառավարման համակարգի ձեւաւորումը, օտար ներդրումներու բազմացումը, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումն ու ամրապնդումը, փտածութեան դէմ պայքարը:
Նախատեսուող համաձայնագիրով, ԱՄՆ ՄԶԳն կը ծրագրէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին ժողովրդավարութեան եւ կառավարման բարեփոխումներուն աջակցելու նպատակով Հայաստանին տրամադրել 32 միլիոն տոլարի աջակցութիւն:
«Ասիկա մեր երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան նոր մակարդակ է, որ կրնայ նախընթաց դառնալ տարածաշրջանի երկիրներուն համար, քանի որ որեւէ այլ երկրի հետ տակաւին նման ծրագիր չենք իրականացուցած», նշած է Քարէն Հիլիարտը: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ողջունած է ԱՄՆ ՄԶԳի նոր ծրագիրը եւ նշած, որ Հայաստան պատրաստ է երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման ու խորացման:
Կը նախատեսուի համաձայնագիրը ստորագրել մինչեւ 31 Մարտ։