ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին փոխանցած է, որ Պէյրութէն Լաթաքիա տանող ճամբուն վրայ՝ Ժապլէ քաղաքին մօտերը, սպաննուած է հալէպահայ Յովսէփ Աբգարեանը։
Լիբանան ապրող Յ. Աբգարեան Պէյրութէն Լաթաքիա կ՛ուղղուէր. Ժապլէ քաղաքին մօտերը զինեալներ կրակ բացած են թաքսիին ուղղութեամբ՝ սպաննելով չորս անձեր, որոնց կարգին՝ Աբգարեանը։ Դէպքը տեղի ունեցած է 2-3 օր առաջ, սակայն նոր յստակացած է, որ զոհուածներուն մէջ կար հայ մը։
Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ Յովսէփ Աբգարեանը ներկայիս պիտի թաղուի Ժապլէ քաղաքին մէջ եւ միայն քանի մը ամիս ետք անոր դիակը պիտի տեղափոխուի Հալէպ։
Մամլոյ քարտուղարին համաձայն, Հալէպի մէջ իրավիճակը նոյնն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.