ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 1ին, «Իզրայէլ Թուտէյ» թերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան 12 պատերազմական օդանաւեր մասնակցած են Սուրիոյ վրայ կատարուած յարձակումին, որուն ընթացքին ռմբակոծուած են երկու թիրախներ: Առաջին թիրախը եղած է «Հըզպալլա»ի հակահրթիռային համակարգեր փոխադրող շարասիւն մը, իսկ երկրորդը՝ ռազմական գիտական հետազօտութեանց կեդրոն մը:
Դիւանագիտական աղբիւրներ եւս լիբանանեան «Ժումհուրիյա» թերթին յայտնած են, որ իսրայէլեան օդուժը երկու թիրախ հարուածած է, անոնցմէ մէկը՝ շարժուն, որ կրնար հրթիռներու արձակման հարթակ մը կամ ռազմական շարասիւն մը ըլլալ, իսկ երկրորդը՝ ռազմական գիտական հետազօտութեանց կեդրոն մը, որ ամբողջութեամբ քանդուած է:
Մինչ այդ, Արաբական լիկան Հինգշաբթի օր դատապարտեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումը, որ պատճառած է առնուազն երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ: Լիկան նշեց, որ իսրայէլեան արարքը «ՄԱԿի ուխտը բռնաբարում եւ միջազգային համաձայնութիւններու ու փաստաթուղթերու խախտում մըն» է՝ աւելցնելով, թէ արաբական հողերու վրայ իսրայէլեան անցեալի յարձակումներէն ետք միջազգային ընտանիքին լռութիւնը՝ Իսրայէլը քաջալերած է նոր յարձակումներ գործելու:
Իրան եւս բուռն կերպով քննադատեց իսրայէլեան յարձակումը՝ նշելով, որ «յարձակումը համահունչ է արեւմտեան եւ իսրայէլեան այն քաղաքականութեան, որ կը միտի կայունութեան եւ ապահովութեան վերատիրանալու Սուրիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան յաջողութիւններէն ուշադրութիւն շեղելու»:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ սուրիական տագնապի քննարկման համար ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն բացի այլ վայր չկայ՝ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «վերջ տալ Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի դերակատարութեան վերաբերեալ անորոշութեան»:
Պատասխանելով սուրիական տագնապով Լիբանանի վարակման շուրջ հարցումի մը՝ Իպրահիմի ըսաւ, որ «Լիբանանի մէջ արդէն հարցեր գոյութիւն ունին, եւ կարելի չէ այս չափի տագնապ մը մէկ երկիրի սահմաններէն ներս պահել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.