ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու», «Մարմարա».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան Սալիհ Ֆրաթ յայտնեց, որ կը հրաժարի իր կուսակցութենէն, իր կուսակից Պիրկիւլ Այման Կիւլերի կողմէ խորհրդարանին մէջ կատարուած ցեղապաշտ յայտարարութեան պատճառով:
Կիւլեր յայտարարած էր, որ թուրքն ու քիւրտը իրարու հաւասար չեն կրնար ըլլալ: Ան արժանացած էր իր եւ ազգայնամոլ Ազգային շարժում կուսակցութենէն երեսփոխաններու ծափողջոյններուն: Սակայն, Կիւլերի այլ կուսակիցներ, ինչպէս նաեւ քրտամէտ ու իշխող կուսակցութենէն երեսփոխաններ քննադատած էին անոր յայտարարութիւնը, որուն համար ան կը մերժէ ներողութիւն խնդրել:
Իշխող կուսակցութենէն Կալիփ Էնսարիօղլու զարմանք յայտնեց, որ ընկերվար-ժողովրդավարական նկատուող կուսակցութեան մը անդամին կողմէ այսպիսի «ֆաշական» յայտարարութիւն մը կը հնչէ, իսկ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Ալթան Թան յայտնեց, որ Կիւլերի յայտարարութիւնը՝ «ոչ միայն քիւրտ ժողովուրդին դէմ դաւաճանութիւն մըն է, այլ՝ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացներուն»:
Իր կարգին, Ազգային շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Մեհմետ Շանտըր ըսաւ, որ Կիւլերի խօսքերը ցեղապաշտական չէին՝ աւելցնելով. «Անոնք, որոնք քրտական ինքնութիւնը կը ճանչնան, պէտք է ցեղապաշտութեամբ ամբաստանուին»:
Նաեւ, երբ Կիւլերի կուսակից Ալի Հայտար Էօներ Հինգշաբթի օր խորհրդարանին մէջ ըսած է, թէ «բոլորս ալ մէկ ենք, թուրքն ու քիւրտը երկուորեակ են», կարգ մը երեսփոխաններ պոռացած են, թէ Կիւլեր այդպէս չի մտածեր: Այս միջամտութեան հակադարձելով՝ Էօներ պաշտպանած է Կիւլերը եւ ըսած, թէ ան ճիշդ խօսած էր…
Իր կարգին, քրտամէտ կուսակցութեան Մուշի երեսփոխան Սըրրը Սաքըք խիստ ելոյթ մը ունեցած է՝ ըսելով. «Հանրապետութեան հիմնումէն ի վեր դուք ցեղապաշտ էք: Ցեղապաշտ, ազգայնապաշտ եւ մէկ ազգի կողմնակից։ Դուք կու գաք ժողովուրդին դէմ անիրաւութիւն գործադրելու աւանդութենէն: Հոս ամէն օր ձեր երեսին պիտի զարնենք ձեր պապերուն ըսածները։ Կա՛մ անցեալի մէջ կատարուածներուն համար քիւրտ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրէք, կա՛մ դուք ամէն օր մեզ ձեր դիմացը կը տեսնէք։ Դուք այս երկրին տէրերը չէք. ձեր չափը գիտցէք։ Դուրսէն, հոսկէ հոնկէ գալով՝ այգեպանը վռնտելու իրաւունք չունիք։ Ո՛չ մէկը որեւէ ժողովուրդ նախատելու իրաւունք ունի»։
Բանավէճը շարունակուած է եւ այս անգամ հանրապետականները Սաքըքը քննադատած են՝ ըսելով, որ անոր խօսքերը ցեղապաշտութեան օրինակ են:
Յայտնենք, թէ Սաքըք մաս պիտի կազմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութեանց համար Իմրալը այցելող յաջորդ պատուիրակութեան՝ Ահմետ Թիւրքի եւ Այլա Աքաթի կողքին: Յունուարի սկիզբը, Թիւրք եւ Աքաթ Օճալանի հետ տեսակցած էին: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ բանակցողներուն մէջ պիտի ըլլայ նաեւ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սեպահատտին Տեմիրթաշ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.